«Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի բարեկամներ»ը կը կազմակերպեն Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի (Board of Supervisors) անդամ Քեթրին Պարկըրի վերընտրութեան արշաւին ի նպաստ դրամահաւաքի ձեռնարկ մը, որ տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի «Ֆինիսիա» ճաշարանին մէջ։
«Վերահսկիչ Պարկըր շարունակաբար փաստած է, որ Լոս Անճելըս գաւառի մեր համայնքին վստահելի բարեկամն է եւ ինչպէս 2016 եւ 2020ի անոր ընտրապայքարներուն ընթացքին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը պիտի զօրակցի անոր։ Անոր ներկայացուցած 5րդ ընտրաշրջանը կը հանդիսանայ Հայաստանէն դուրս հայութեամբ բնակեցուած ամէնէն խիտ բնակչութիւնը ունեցող տարածաշրջանը։ Ան հայ համայնքին, կազմակերպութիւններու եւ Հայկական Հարցին ջատագովը եղած է, տարբեր առիթներով փաստելով, որ պատրաստ է աջակցելու համայնքին անմիջական եւ ապագայի կարիքներուն», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան։
Նշենք, որ Պարկըրի գլխաւոր տեղակալը մեր համայնքի զաւակներէն Աննա Մուրատեանն է։
Հայութեան ի նպաստ անոր յատկանշական քայլերէն մէկը Կլենտէյլի մէջ կառուցուելիք Հայ-Ամերիկեան թանգարանին համա 1 միլիոն տոլարի աջակցութիւն ապահովելն էր: Ան նաեւ ամէն տարի Ապրիլ ամիսը «Հայոց պատմութեան ամիս» հռչակած է գաւառին մէջ, մեծարելով շարք մը հայ քաղաքացիներ եւ կազմակերպութիւններ:
Պարկըր նաեւ նիւթական աջակցութիւն ապահոված է ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակին եւ Հայ Դատի «ՀայՎոթց» ծրագիրին հետ գործակցելով՝ նպաստած է հայերը քուէարկելու մղելու ջանքերուն։ 2019ին ան մաս կազմած էր Հայաստանի հետ Լոս Անճելըսի յարաբերութիւնները սերտացնելու նպատակով Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու պատուիրակութեան։
Նաեւ, 2019ին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը տարեկան իր ձեռնարկին ընթացքին «Տարուան Կինը» մրցանակը շնորհեց Պարկըրին։
Անցեալ տարի, Պարկըր դէմ դրաւ ատրպէյճանական ապատեղեկատուութիւններու եւ հանդիպում ունեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին հրաւէրով Միացեալ Նահանգներ այցելած Արցախի Հանրապետութեան այդ օրերու արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանի հետ, գաւառին անունով գնահատագիր մը յանձնելով նախարարին՝ խոստանալով զօրակցիլ Արցախի Հանրապետութեան։