ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, թէ իրաւաբան Անդրանիկ Գիզիրեանը նշանակած է իբրեւ գործավար:
Յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան ողջունելով Անդրանիկ Գիզիրեանի միանալը անձնակազմին համոզում յայտնեց, որ ամերիկահայ գաղութէն ներս անոր գործունէութիւնը մեծ նպաստ պիտի բերէ Յանձնախումբի աշխատանքներուն: Ան աւելցուց, որ Գիզիրեան, իբրեւ ամերիկահայ գաղութի աւանդութիւններով դաստիարակուած անձնաւորութիւն, միաժամանակ ունի տարիներու զոհաբերութեան վաստակ մը՝ ի նպաստ Հայ Դատին:
Անդրանիկ Գիզիրեան 10 տարեկանէն սկսեալ անդամակցած է Հ.Ե.Դ.ին, Մ. Նահանգներու արեւելեան շրջանէն ներս: 2005ին, ան վարած է Հ.Ե.Դ.ի այդ շրջանի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետի պաշտօնը: Աւարտած է Փենսիլվանիոյ համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու ճիւղը, ապա, Վիլլանովա համալսարանէն ստացած է իրաւաբանութեան վկայականը, 2005ին: Իր ուսանողական տարիներուն ծառայած է դատաւոր Տիգրան Թեւրիզեանի գրասենեակին մէջ եւ, վկայուելէ ետք, գործած է նոյն՝ իրաւաբանութեան բնագաւառէն ներս:
Ան նաեւ իբրեւ հետազօտող մաս կազմած է Հայկական միջազգային քաղաքական հետազօտութիւններու խմբակին, պատրաստելով երկքաղաքացիութեան հարցով ուսումնասիրութիւն՝ օրինական տեսանկիւնէ դիտուած: Այս եւ այլ նիւթերով ան տուած է բազմաթիւ դասախօսութիւններ UCLA համալսարանի, ինչպէս նաեւ Երեւանի մէջ:
Իր կարգին, Անդրանիկ Գիզիրեան յոյս յատնեց, որ Հայ Դատի Յանձնախումբի աշխատանքներու ծիրէն ներս իր աշխատանքները կը բարձրացնէ նոր տարողութեան մը, իբրեւ արեւմտեան շրջանի գրասենեակի գործավար: