Միջին կշիռի կռփամարտի աշխարհին մէջ ծանօթ անուն է Արթուր Աբրահամեանը, որ առաւելաբար ճանչցուած է Արթուր Աբրահամ անունով։ Ան հաստատուած է Գերմանիա եւ Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 21ին ընտրուեցաւ Գերմանիոյ 2006ի լաւագոյն կռփամարտիկը՝ գերազանցելով միջին կշիռի աշխարհի ախոյեան Վլատիմիր Կլիչքոն եւ թեթեւ կշիռի աշխարհի ախոյեան Զոլթա Էրտէին։
Աբրահամեան յայտնեց, որ հպարտ եւ ուրախ է, ինչպէս նաեւ՝ շնորհակալ՝ նման տիտղոսի արժանանալու համար։