
ԵՐԵՒԱՆ, »Արմէնփրէս«.- Ողիմպիական խաղերու երրակի մետալակիր, Եւրոպայի եւ աշխարհի բազմակի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան Խրուաթիոյ մայրաքաղաք Զաղրեպի մէջ ընթացող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան ընթացքին, 97 քլկ. դասակարգին մէջ, անգամ մը եւս շահեցաւ ոսկի մետալ՝ աւարտականին պարտութեան մատնելով պուլկարացի Քիրիլ Միլովը՝ 5-1 արդիւնքով:
Այսպիսով, Արթուր Ալեքսանեան վեցերորդ անգամ ըլլալով դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան։
Նոյն մրցաշարքին, յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ Մալխաս Ամոյեան յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան: 77 քլկ. դասակարգին մէջ, Ամոյեան աւարտական մրցումին 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց սերպ Վիքթոր Նեմեսի դէմ:
Աւելի կանուխ, ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն, 65 քլկ. դասակարգի մրցումներու աւարտականին, աշխարհի 23 տարեկանէն վար ախոյեան Վազգէն Թեւանեան հռչակուեցաւ Եւրոպայի ախոյեան:

Նշենք, որ Թեւանեան, քառորդ աւարտականին յաղթեց ատրպէյճանցի իր մրցակիցին՝ Ալի Ռատիմզատային, 4-1 արդիւնքով:
Նաեւ, Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ Արսէն Յարութիւնեան դարձաւ Եւրոպայի ախոյեանութեան երրակի ախոյեան՝ 61 քիլոկրամ դասակարգին մէջ պարտութեան մատնելով Ալպանիոյ ներկայացուցիչ Զալիմխան Ապաքարովը: Յարութիւնեան Եւրոպայի ախոյեան դարձած էր 2019ին եւ 2022ին: Ան մասնակցած է Թոքիոյի Ողիմպիական խաղերուն եւ եղած աշխարհի ախոյեանութեան կրկնակի պրոնզէ մետալակիր: