Ո՞վ ըսաւ, որ Արժանթինը միայն թանկոյի երկիրն է: Ո՞վ ըսաւ, որ Արժանթին կը յատկանշուի իր խոհանոցով կամ ֆութպոլով: Կարելի չէ պնդել, որ Արժանթին զինուորական բռնապետութիւններով խորհրդանշուող պետութիւն է: Ոչ ալ կարելի է յամառիլ, որ Արժանթին «անպատասխանատու» է իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ՝ Մալվինաս-Ֆոլքլէնտի հարցը իբրեւ ապացոյց բերելով:
Այս բոլորը կրնան մաս կազմել Արժանթինի մասին մեր պատկերացումներուն, սակայն այս բոլորէն վեր եւ այս բոլորէն անդին, պէտք չէ մոռնալ այն պարզ ճշմարտութիւնը, որ Լատին Ամերիկան, տասնամեակներով ճաշակելէ ետք բռնութեան, բռնակալութեան յարակցող բոլոր չարիքները, ահաւասիկ վերջին երկու տասնամեակներուն սկսած է թօթափել այդ յոռի աւանդութիւնները ու բռնել մարդկային ու ընկերային արդարութեան, գաղափարական հաւասարակշռութեան, ազգային ու համամարդկային արժանապատուութեան ուղին:
Եթէ 70ական թուականներուն Լատին Ամերիկայի մէջ գերիշխող էր Փինոշէի ու Վիլետայի նման զինուորական բռնատէրերու ստեղծած քաղաքական ու ընկերատնտեսական մթնոլորտը, այսօր, շնորհիւ նոյն Արժանթինի զաւակ Ռաուլ Ալֆոնսինի, նաեւ՝ Պաշըլէի, Լուլա տա Սիլվայի, Հիւկօ Չաւէզի ու այլոց, Լատին Ամերիկան սկսած է դառնալ այն տարածաշրջանը, որ աւելի գիտակից է իր ազգային ու միաժամանակ՝ համամարդկային արժէքներուն:
Այս մթնոլորտի ու գործընթացի արդիւնք պէտք է համարել այն, որ իրենց արդար վախճանին հասան Արժանթինի Հայ Դատի Յանձնախումբի թափած ճիգերը՝ յանուն արդարութեան: Աւելի մասնայատուկ կերպով՝ յանուն Հայկական Ցեղասպանութեան պետականօրէն ճանաչման:
Արժանթին եւ լատին ամերիկեան բազմաթիւ երկիրներ, այսօր զզուած արտաքին միջամտութիւններու շահակցական նենգութիւններէն, բռնած են ազգային արժանապատուութեամբ իրենց ճակատագիրը տնօրինելու ուղին: Գաղափարական այս ընդհանուր մթնոլորտը մեզի համար կը ստեղծէ նպաստաւոր միջավայր, ուր լաւագոյնս կրնան արդիւնաւորուիլ մեր ճիգերը:
Այնպէս որ, ճիշդ է, Արժանթին կրնայ որակաւոր սթէյքի երկիր ըլլալ, կրնայ Մարատոնայի կամ Քրեսփոյի նման ֆութպոլի աստղերու ծննդավայր ըլլալ, սակայն ամէն բանէ առաջ՝ ան արդարութեան ուղղութեամբ ընթացող երկիր է: