ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանեան բանակը Ուրբաթ, Յունուար 26ին որոշեց վերցնել մէկ օր առաջ տեղի ունեցած բախումներուն հետեւանքով հաստատուած կրակմարի դրութիւնը, որու հետեւանքով Հինգշաբթի երեկոյեան ժամը 8։30էն մինչեւ Ուրբաթ առաւօտեան ժամը 6 Պէյրութի մէջ կրակմարի դրութիւն հաստատուած էր։ Լիբանանեան բանակը նաեւ հաղորդեց, թէ Երեքշաբթի օրուընէ սկսեալ 200 անձ ձերբակալած է։
Կրթութեան նախարարի որոշումով, Լիբանանի մէջ համալսարաններն ու կրթական հաստատութիւնները պիտի շարունակեն փակ մնալ առնուազն մինչեւ Երկուշաբթի օր։
Չորս զոհ խլած Հինգշաբթի օրուան բախումներէն ետք, Ուրբաթ օր համեմատաբար խաղաղութիւն կը տիրէր Պէյրութի տարածքին, սակայն քաղաքական գետնի վրայ փոխադարձ ամբաստանութիւնները կը շարունակուէին ընդդիմադիր եւ իշխանամէտ կողմերուն միջեւ:
Նախագահ Էմիլ Լահուտ կոչ ուղղեց լիբանանցի ժողովուրդին եւ յատկապէս քաղաքական կազմակերպութեանց այն համակիրներուն, որոնք Պէյրութի մէջ կատարուած միջադէպերուն կը մասնակցէին, հեռանալու շրջանէն եւ վերադառնալու իրենց բնակարանները՝ վերջ տալով ապահովական խախտումներուն եւ հրաժարելով խափանարարական արարքներէն։
«Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան ղեկավար Սէմիր Ժաաժաա Ուրբաթ օր յայտնեց, թէ ընդդիմութեան քայլերը ապօրինի են եւ «Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան ամբաստանեց իր ճառերով վերջին բախումները պատճառելուն համար։ Ան ընդունեց, թէ Նասրալլա քաղաքացիական պատերազմի նպատակ չունի, սակայն ընդդիմութեան ընթացքն է, որ երկիրը կը տանի այդ ուղղութեամբ։ Ապա ան դատապարտեց նաեւ երեսփոխան Միշէլ Աունի որդեգրած կեցուածքը:
Իր կարգին, Նասրալլա կոչ ուղղեց «Հըզպալլա»ի համակիրներուն հետեւելու լիբանանեան բանակին հրահանգներուն ու ցուցմունքներուն։ Ան աւելցուց, որ բազմիցս յայտարարած է, թէ Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմ մը եւ համայնքային ու յարանուանական լարուածութիւններ ստեղծելու փորձեր կը կատարուին, «եւ այսօրուան (Հինգշաբթի) դէպքերը ցուցանիշ են, թէ այդ հաւանականութիւնները ճիշդ են, հետեւաբար այս ծուղակին մէջ պէտք չէ իյնալ», ընդգծեց ան։ Նասրալլա շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական պայքարը որքան ալ սուր ըլլայ, «Հըզպալլա» կառչած պիտի մնայ քաղաքացիական արտօնուած իրաւունքներուն ընդմէջէն գործելու Լիբանանի մէջ եւ չդիմելու զէնքի ուժին։ Ան յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ որոշ հոսանքներու կողմէ քաղաքական այլ կուսակցութեանց դէմ օգտագործուող զէնքը իսրայէլեան զէնք է։
«Մուսթաքպալ» հոսանքի նախագահ՝ երեսփոխան Սաատ Հարիրի եւս իր համակիրներուն ինքնազսպումի կոչ կատարելով ըսաւ, որ լարուածութեան դէմ պայքարը առաջին միջոցն է՝ պաշտպանել Պէյրութի արժանապատուութիւնը։ «Լիբանանեան պետութիւնը պատասխանատու է լիբանանցիներուն առջեւ», ըսաւ ան:
Հինգշաբթի օր բախումներ տեղի ունեցան նաեւ Սայտայի մէջ, երբ լիբանանեան բանակը փորձեց մուտք գործել Այն էլ Հըլուէ պաղեստինեան գաղթակայան: Արձանագրուեցան հինգ վիրաւորներ:
Յայտնենք, թէ Լիբանանի կառավարութեան հրաժարումը պահանջող ընդդիմութեան համակիրները 57րդ օրը ըլլալով շարունակեցին Կեդրոնական Պէյրութի մէջ իրենց բաց նստացոյցը։