ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի տարածքին Չորեքշաբթի, Յունուար 17ին տեղի ունեցած յարձակումները աւելի քան 30 զոհ եւս խլեցին:
Յարձակումներէն մէկը տեղի ունեցաւ Պաղտատի՝ շիիներով բնակեցուած Սատր շրջանին մէջ, սպաննելով առնուազն 17 հոգի եւ վիրաւորելով 30 ուրիշներ:
Աւելի կանուխ, հիւսիսային Իրաքի Քէրքուք քաղաքին մէջ հաստատուած ոստիկանական անցարգելի մը վրայ տեղի ունեցած անձնասպանական յարձակումի մը հետեւանքով սպաննուած էին ինը ուրիշներ:
Չորեքշաբթի օր ամերիկեան բանակի հրամանատարութիւնը հաղորդեց, թէ երկու ամերիկացի զինուորներ եւս սպաննուած են, ցարդ Իրաքի տարածքին սպաննուած ամերիկացի զինուորներուն թիւը հասցնելով 3028ի:
Յայտնենք, թէ Երեքշաբթի օրուան յարձակումները աւելի քան 100 զոհ խլած էին:
Միւս կողմէ, շիիներու գլխաւոր քաղաքական կուսակցութեան ղեկավար Ապտըլ Ազիզ Հաքիմ Չորեքշաբթի օր քննադատեց անցեալ շաբաթ Արպիլի մէջ տեղի ունեցած վեց իրանցիներու ձերբակալութիւնը ամերիկեան ուժերուն կողմէ: Իրանցիներէն մէկը աւելի ուշ ազատ արձակուած էր:
Նկարին մէջ, Չորեքշաբթի օր Պաղտատի մէջ տեղի ունեցած յարձակումներէն մէկուն զոհ գացած իրաքցիի մը ընտանկան պարագաները: