7 Դեկտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմի եւ Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի՝ գերիներու փոխանակման վերաբերեալ յայտարարութիւնը լայն արձագանգ գտաւ զանազան երկիրներու եւ միջազգային կառոյցներու կողմէ։
ՄԱԿի Ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեշ ողջունեց Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միացեալ յայտարարութիւնը` յարաբերութիւնները կարգաւորելու մտադրութեան մասին եւ յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ անիկա պիտի ծառայէ յարատեւ խաղաղութեան հաստատման:
Այս մասին յայտնեց Կութիերեշ բանբերը՝ Ստեֆան Տիւժարիկ: «ՄԱԿը կը խրախուսէ կողմերը` օգտագործելու ասիկա փոխադարձ վստահութիւն գոյացնելու եւ երկարաժամկէտ խաղաղութիւն ապահովելու համար` ի շահ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն եւ ամբողջ տարածաշրջանին»։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեան մը միջոցաւ ողջունեց այս յայտարարութիւնը` նշելով. «Այս յանձնառութիւնը վստահութեան ամրապնդման կարեւոր միջոց է խաղաղութեան համաձայնագիրի աւարտին եւ յարաբերութիւններու կարգաւորման աշխատանքներու լոյսին տակ։
Մենք կ՛ողջունենք Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւը եւ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանը՝ Հարաւային Կովկասի ժողովուրդին համար աւելի խաղաղ եւ բարգաւաճ ապագայի հիմեր ստեղծելու միացեալ ջանքերու համար»։
Յայտարարութեան մէջ նաեւ կ՛ըսուի, որ Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ ուժեղ կերպով աջակցիլ տեւական եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հասնելու ջանքերուն։
«ՌԻԱ Նովոսթի»ն կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս ողջունեց այս նախաձեռնութիւնը՝ յայտնելով «Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի վերջին քայլերը կը նպաստեն վստահութեան ամրապնդման եւ կարելիութիւն կը ստեղծեն կողմերու յարաբերութիւններու կարգաւորման»՝ աւելցնելով, որ Ռուսիա հետեւողականօրէն յառաջ մղած է բանտարկուած անձերու` «Բոլորը բոլորին դիմաց» փոխանակելու սկզբունքը: «Պատրաստ ենք հետագային եւս կարելի եղածին չափ աջակցութիւն ցուցաբերելու երթեւեկի հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման, սահմանի սահմանազատման, խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու եւ հասարակութեան կապերու հարցերու լուծման», յայտնեց Մոսկուա։
«Ֆրանսա յոյս ունի, որ ասիկա պիտի ըլլայ առաջին քայլը` բանտարկեալներու, պատանդներու եւ անհետ կորուածներու իրավիճակի լուծման ճամբուն վրայ։ Ֆրանսա կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղ համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւններու վերսկսման` Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու աջակցութեամբ: Ամուր խաղաղութիւն կրնայ հաստատուիլ միայն միջազգային իրաւունքի, ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ երկու պետութիւններու սահմաններու անխախտելիութեան յարգումով», կ՛ըսուի Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան այս մասին հրապարակած յայտարարութեան մէջ ։
ԵԱՀԿի գործող նախագահ, Հիւսիսային Մակեդոնիոյ արտաքին գործոց նախարար Պույար Օսմանի յայտարարութիւնը նկատեց դրական քայլ մը, որ անհրաժեշտ է կայուն խաղաղութեան ճամբուն վրայ։ «ԵԱՀԿը պատրաստ է օգնել պայմանաւորուածութիւններու կատարման շուրջ երկխօսութեան շարունակութեան»։
Եւրոպական Միութիւնը եւս ողջունեց եւ ասիկա կարեւոր քաղաքական քայլ նկատեց։ Այս մասին գրած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել։
«Մենք համաձայն ենք, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հասնելու պատմական կարելիութիւն կայ եւ յանձնառու ենք աջակցելու այդ ջանքերուն», կ՛ըսէ Պորել։
Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Խաւիէր Քոլոմինն այս քայլը նկատեց վստահութեան ամրապնդման այլ քայլերու եւ երկար սպասուած խաղաղութեան համաձայնագիրի հասնելու յստակ պարտաւորութիւն` շեշտելով, որ ՆԱԹՕն վճռականօրէն կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ այս ջանքերուն։
«Մենք կ՛ողջունենք երկու երկիրներուն միջեւ վստահութեան ամրապնդման ուղղութեամբ որոշ շօշափելի քայլերու ձեռնարկելու որոշումը, որ յայտարարուած է Ատրպէյճանի նախագահի վարչակազմի եւ Հայաստանի վարչապետի գրասենեակի միացեալ յայտարարութեան մէջ։ Մենք կ՛աջակցինք վստահութեան ամրապնդման ուղղութեամբ լրացուցիչ քայլերու շուրջ քննարկումները շարունակելու որոշման։ Կը մաղթենք Ատրպէճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուտափոյթ ստորագրութիւնը, որ պիտի դառնայ Հարաւային Կովկասի մէջ մնայուն խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման հոլովոյթին կարեւոր իրադարձութիւններէն մէկը», յայտնեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։