Հայաստանի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովի նախագահ եւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան պիտի ըլլայ Հ.Յ.Դ. Օրուան գլխաւոր բանախօսը:
Հ.Յ.Դ. Օրուան տօնակատարութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Դեկտեմբեր 17, 2006ին, Կլէնտէյլ հայ սքուլի հանդիսասրահին մէջ, երեկոյեան ժամը 6ին: Յայտագիրը նուիրուած է Հայաստանի վերանկախացման 15րդ տարեդարձին: Նախատեսուած է նաեւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր, մասնակցութեամբ հայրենի բանաստեղծ-երգիչ Արմէն Մովսիսեանի, Ներսիկ Իսբիրեանի եւ եւ այլ հիւր արուեստագէտներու, ինչպէս նաեւ Հ.Ե.Դ.ի եւ Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի կողմէ խօսքեր:
Արմէն Ռուստամեան, փոխան ընդունուած բանախօսութեան, ելոյթ պիտի ունենայ հարցուպատասխանի ձեւով: