Այս բաժինով պիտի ներկայացնենք արուեստի մէջ նշանաւոր հայ համաշխարհային դէմքեր: Հակիրճ ձեւով քանի մը տեղեկութիւններ պիտի տանք այդ անձերէն իւրաքանչիւրին մասին: Այս Շաբաթ կը ներկայացնենք Գառնիկ Զուլումեանը, գեղարուեստի աշխարհին մէջ ծանօթ ԳԱՌԶՈՒ անունով, որուն ծննդեան հարիւրամեակն է այս տարի:
Գառզու (1907-2000)
Ծնած է Հալէպ, Սուրիա: Աշխարհահռչակ նկարիչ, ակադեմիկոս, արուեստի գործիչ: 1924ին կը հաստատուի Փարիզ: Ստեղծագործական մեծ թափով կը նուիրուի արուեստի եւ կը դառնայ մեծ վարպետ: Իր առաջին ցուցահանդէսը կու տայ 1939ին: Այնուհետեւ տուած է բազմաթիւ անհատական ցուցահանդէսներ եւ նկարազարդած է հռչակաւոր հեղինակներու գիրքեր:
1977ին կ’ընտրուի Ֆրանսայի Գեղարուեստից ակադեմիայի անդամ: Կը մահանայ Փարիզ, 2000ին:
Դէմքի Խնամքը
Դէմքի խնամքը գրեթէ բոլոր կիներուն համար ալ չափազանց անհրաժեշտ է եւ երբեմն մտահոգիչ: Պառկած ձեւի, կերած ժումերու, քնանալու ժամերու ու սպառած քաֆէինի հաշիւներէն հաւանաբար յոգնած էք: Շատ կը ջանաք կարելին ընել, որպէսզի թարմ տեսք ունենաք եւ նուազագոյն չափով աշխատանք թափէք անոր համար: Նոյնիսկ հաւանաբար մտածեցիք մէկ շաբթուան մէջ 10 փաունտ կորսնցնել: Այս բոլորին մասին թերեւս նոր տարուան սեմին նորէն մտածեցիք, բայց կասկածեցաք լուրջ քայլ մը առնելու, մտածելով, որ կրնաք հրաժարիլ եւ կիսաւարտ ձգել թափով սկսուած դժուար գործ մը:
Այս բոլորը նկատի առած, այս տարուան համար ձեզի կ’առաջարկենք դիւրին եւ միաժամանակ իսկական փոփոխութիւններ խոստացող ձեւեր մորթի խնամքին համար:
Մեզմէ իւրաքանչիւրը հարաւային Քալիֆորնիա ապրելով օրական առնուազն 15 վայրկեան անզգալաբար արեւու ճառագայթներուն կ’ենթարկուի: Այս իսկ պատճառով անհրաժեշտ է օրական օգտագործել արեւու ճառագայթները խափանող գեղարարներ: 15 վայրկեանն իսկ բաւարար է, որ մորթը վնասներ կրէ արեւու ճառագայթներէն: Անոր վնասները անմիջական ձեւով չեն յայտնուիր: Այն ժամանակ, երբ կը յայտնուին, կը նշանակէ, թէ անոնց լուծումը շատ բարդ է եւ գրեթէ անկարելի:
Երբեք ձեր շպարով չքնանաք: Ձեր դէմքը լուացէք ու խոնաւ պահող գեղարարով ծեփեցէք ամէն առաւօտ ու իրիկուն: Եթէ վարժութիւնը չունիք այս աշխատանքին, ապա երբեք ուշ չէ այսօր իսկ սկսելու այս պարզ խնամքին: Դէմքը մաքրող գեղարար կամ թաշկինակ գնեցէք, նախընտրաբար չփրփրող տեսակը, եւ ապա անկէ ետք խոնաւ պահող գեղարար մը գնեցէք ու ամէնօրեայ գործածութեան սկսեցէք: Եթէ ձեր մորթը իւղոտ է, գեղարարի փոխարէն toner-ով սրբեցէք ձեր դէմքը: Անպայման խոնաւցնող գեղարարը իր մէջ թող պարունակէ antioxidant մը, ինչպէս C կենսանիւթը: Ժամանակի ընթացքին, հարցնելով մասնագէտներուն, պիտի գտնէք ձեր մորթին լաւագոյնս համապատասխանող արտադրութիւնը:
Աչքերու գեղարարը: Աչքերուն շուրջը գործածելու համար լաւ գեղարարի մը պէտքը ունիք: Յիշեցէք, որ աչքին շուրջի մորթը շատ փափուկ է եւ ամէն պարագաներու՝ հայելին ձեր իրավիճակին: Ան առաջին հերթին կը ցոլացնէ ձեզ, երբ լացած էք կամ շատ յոգնած ու անքուն էք: Խնկունի (rosemary) պարունակող աչքի գեղարարները կը նպաստեն ուռած վիճակի վերացման, իսկ թթուածին պարունակողները կ’օգնեն խորշոմներու վերացման հարցով:
Դէմքի մաքրութիւն կատարեցէք առնուազն տարեկան չորս անգամ, իւրաքանչիւր եղանակին:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՌԱԾՆԵՐ
Հարստութիւնը կը բթացնէ մարդուն խիղճը:
Հարստանալու համար կին առնել՝ ստորութիւն է:
Հարստութիւն կայ՝ իշխանավարի, հարստութիւն կայ՝ իշավարի:
Այսինքն մարդ իր ունեցած հարստութիւնը պէտք է վայելէ ու վայելցնէ:
Հաւը դրախտ ալ երթայ, հաւկիթ ածելը չի մոռնար:
Այսինքն, մարդ ուր ալ ըլլայ, իր բնաւորութիւնը չի փոխեր:
Հացը տաշտէդ առ, հարսը՝ դաշտէդ:
Այսինքն՝ քու սեփական հացդ կեր ու կինդ ալ քու միջավայրէդ զատէ:
Հարուստին աղջիկը ու աղքատին հորթը շուտով տեղ կը գտնեն:
Այսինքն՝ շատ դիւրին է հարուստ աղջիկ մը ամուսնացնել. նոյնպէս դիւրին է աղքատին հորթը ծախել, որովհետեւ որքան որ վճարեն, խեղճը պիտի ծախէ:
ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԽՈՀԱԳԻՐԸ
Միսով Բանջարեղէն
4 չափ (serving)
Բաղադրութիւն
3/4 փաունտ առանց ոսկորի կովու միս՝ կլոր շերտուած steak-ի ձեւով
1 թ. դգալ բուսական ձէթ
1/2 գաւաթ շերտուած ստեպղին
1/2 գաւաթ շերտուած կարոս (celery)
1 հատ սոխ
1 ա. դգալ սոյ թացան
1/8 թ. դգալ սխտորի փոշի
1/8 թ. դգալ սեւ պղպեղ
2 գաւաթ zucchini
1 ա. դգալ օսլա
1/4 գաւաթ ջուր
Պատրաստութեան Կերպը
Միսը բարակ շերտերու վերածեցէք:
Ձէթը տաքցուցէք տապակի մը մէջ եւ միսը տապկեցէք անոր մէջ բարձր կրակի վրայ: Անընդհատ խառնեցէք մինչեւ եփիլը՝ 3-5 վայրկեան:
Կրակը ցածցուցէք եւ աւելցուցէք ստեպղինը, սոխը, սոյ թացանը, սխտորի փոշին ու պղպեղը: Ծածկեցէք երեսը ու հանդարտ կրակով թող եփի մինչեւ ստեպղինին փափուկնալը: Աւելցուցէք դդումը եւ եփեցէք 3-5 վայրկեան:
Օսլան եւ ջուրը իրար հետ լուծեցէք խորունկ պզտիկ ամանի մը մէջ եւ հանդարտօրէն պարպեցէք միսին վրայ, անընդհատ խառնելով, մինչեւ որ թանձրանայ:
Հրամցուցէք տաք բրինձին վրայ: Բարի ախորժակ:
Սննդագիտական Գիտելիքներ
170 ջերմուժ (իւղէն ստացուցած ջերմուժը՝ 40), իւղ՝ 4.5 կրամ (saturated 1.5 կրամ), քոլեսթերոլ՝ 55 միլիկրամ, սոտիում՝ 310 միլիկրամ, շաքարեղէն՝ 10 կրամ (բնաթել՝ 2 կրամ, փրոթին 22 կրամ):