Ինչո՞ւ համար կարեւոր է արուեստի կիրառումը երեխային կեանքին եւ զարգացման համար:
Պարը, թատրոնը եւ տեսողական արուեստները կր սորվեցնեն ինքնավստահութիւն, իւրայատկութիւն եւ պատասխանատուութիւն:
Երբ ներկայ կը գտնուինք աշակերտական արուեստի ելոյթի մը, ինչպիսի՞ մթնոլորտ մըն է, որ կը տիրէ հոն: Կը նկատենք երեխաներու անմիջական մասնակցութիւնը եւ աշխատանքը: Հոն չենք նկատեր ոչ ուսուցիչ, որ գրատախտակ եւ ոչ ալ գրասեղաններ: Հոն կը նկատենք աշակերտներ եւ իրենց ազատ շարժումներով ստեղծուած բացառիկ պաստառներ: Աշակերտներուն համար մանաւանդ շատ կարեւոր է արտադասարանային աշխատանքը:
Այսօր մեր վարժարանի երաժշտութեան դասատուին հետ կը զրուցէի արուեստի ներգործութեան մասին: Ան կը յայտնէր, թէ այն երեխաները, որ լաւ կ’երգեն, կը նկատենք, որ բոլոր նիւթերու մէջ լաւ արդիւնքներ կ’ունենան: Այս մէկը ինքնին փաստ մըն էր, շատ նեղ միջավայրի մէջ փորձուած, արուեստի ուժին ու ներգործութեան մասին:
Երեխան երբ կը գտնուի բեմահարթակի, քուլիսներու ետին կամ նոյնիսկ հանդիսատեսներու շարքին, բնականաբար ան կարիքը ունի յանձնառութեան գիտակցութեան, կեդրոնացումի եւ հետեւողականութեան: Այս պարագային դասարանային դրութենէն շատ տարբեր է այս մէկը: Երբեմն աշակերտներու կը հանդիպինք, որ այդքան ալ հնարածանօթ դէմքեր չեն դպրոցէն ներս, սակայն շատ ճանչցուած ու սիրուած կ’ըլլան արուեստանոցի իրենց միջավայրէն ներս: Արուեստը աշակերտին կը տրամադրէ այն միջոցները եւ կարելիութիւնները, որոնցմով կարելի է այլոց հետ հաղորդակցիլ: Այն, ինչ որ երեխան կամ պատանին պիտի չկարենար ձեռք ձգել սոսկ հեռատեսիլային խաղերով կամ համակարգչային աշխատանքներով, որոնք երկուքն ալ զարմանիօրէն կրնան հեռացնել աշակերտը ընկերային պարունակէն, դարձնել զայն եսակեդրոն ու առանձնացած էակ մը, արուեստի միջոցով պիտի կարենայ ունենալ: Երեխաներու արուեստի կեդրոնի ուսուցիչ մը կը հաստատէ, թէ պարը, նկարչութիւնը, թատրոնը եւ երաժշտութիւնը այնպիսի բնագաւառներ են, ուր բոլոր երեխաներն ալ կրնան փայլիլ:
Արուեստը երեխային կը պարգեւէ ինքնավստահութիւն եւ ազատօրէն ինքզինք արտայայտելու կարելիութիւն: Այս պարագային անշուշտ պէտք չէ պատկերացնել, որ երեխան անպայման դառնայ արհեստավարժ երաժիշտ կամ արուեստագէտ, որպէսզի այդ բարիքը քաղէ: Արուեստի բնագաւառէն ներս ըլլալով արդէն ան կ’օգտուի այդ բարիքներէն: Առնուազն ան կը դառնայ լաւ լսող ու արուեստ գնահատող, որ շատ կարեւոր է մեր անհատականութեան համար:
Երեխաներու մօտ արուեստը քաջալերելու համար կրնաք հետեւեալները գործադրել.-
1.- Բարձրաձայն երգել:
2.- Կշռոյթով պարել: Որեւէ տեսաերիզ մը, որ յատուկ պարի եւ կամ ռիթմիք շարժումներու համար է, կրնաք դնել տան մէջ եւ անոր հետ միասին պարել ու պարեցնել ձեր երեխան, միաժամանակ շարժումներուն հետեւելով:
3.- Օփերան շատ լաւ միջոց մըն է աւելի դիւրին հասկցնելու պատմութիւնը: Այս միջոցը նաեւ ի զօրու է երեխաներուն համար: Ձեր կարդացած պատմութիւնները եւ կամ նոյնիսկ երբեմն ձեր ըսածները օփերայի երգչուհիի պէս յայտնեցէք ու քաջալերեցէք զինք, որ ինք եւս երբեմն այդպէս արտայայտուի:
4.- Շատ երգեցէք տան մէջ: Անպայման օրօրով քնացուցէք զինք եւ առաւօտ մեղմ երեաժշտութեամբ արթնցուցէք ձեր երեխաները:
5.- Եթէ շարժապատկերի մը երաժշտութիւնը սիրեցիք, անոր երաժշտութեան խտասալիկը գնեցէք ու երգեցէք եւ պարեցէք միասին:
Եթէ կը նկատէք, որ ձեր երեխան հետաքրքրուած չէ արուեստով կամ նոյնիսկ երաժշտութեամբ, մի յուսահատիք, դիմեցէք հետեւեալ քայլերուն.-
1.- Գանձ յայտնաբերելու խաղը կրնաք խաղալ արուեստի թանգարանի մը մէջ: Սովորաբար երեխաներուն համար յատուկ քարտէսներ կը պատրաստեն թանգարանները կամ ցուցասրահները: Օգտագործեցէք զանոնք. գանձ գտնելու պէս որոշ պատկերներ յայտնաբերելու համար:
2.- Թեթեւ լուսանկարչական գործիք մը տրամադրեցէք ձեր երեխային եւ ուշադրութեան յանձնեցէք գեղեցիկ ճարտարապետութեամբ կառուցուած շէնք մը կամ տեսարան մը կամ բնութեան պատկեր մը եւ քաջալերեցէք, որ նկարէ զայն:
3.- Շղարշներով պարեցէք տան մէջ եւ անոր շարժումներուն ականատես դարձէք:
4.- Ամէն գնով մի ստիպէք, որ ձեր երեխան ձեր հետ ներկայ գտնուի թատրոնի մը կամ նոյնիսկ համերգի մը: Անհամաձայնութեան պարագային կրնաք ըսել, թէ «շատ լաւ, յաջորդին միասին կ’երթանք»:
5.- Ժամանակակից եւ ապրող արուեստագէտի մը ծանօթացուցէք ու անոր յաճախած դպրոցն ու աշխատանքները ցուցադրեցէք, զինք քաջալերելու համար:
6.- Արուեստի միջոցառումներու օրացոյցը միշտ թող երեխան ստուգէ եւ ընտրութեան առիթ տուէք իրեն, անշուշտ երբեմն դուք ալ պիտի ընտրէք ու հրամցնէք որոշ առիթներ կամ ձեռնարկներ:
Այս բոլորը չափազանց կարեւոր կը համարուին երեխային համար: Անպայման փորձեցէք առանց յուսահատութեան: Ինչպէս ծնողական բոլոր նախաձեռնութիւնները իրենց պտուղը կը քաղեն ապագային, նոյնպէս այս պարագային, արդիւնքը կրնայ ուշանալ, բայց համբերութեամբ կրնայ սպասուիլ եւ ուրախութիւն պատճառել երկուստեք:
ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԽՕՍՔԵՐ
Համբերութիւնը ծաղիկ մըն է, որ ամէն մարդու պարտէզին մէջ չի բուսնիր:
Ճշմարտութիւնը կրնայ սպասել, միշտ երիտասարդ կը մնայ եւ վստահօրէն օր մը երեւան կ’ելլէ:
Ով որ չզգար, թէ ինք կոչուած է ծառայութեան մը, պիտի չկարենայ զանազանել իր կեանքը աննպատակ իրերու ոչնչութենէն:
Ով որ ինքզինք կը ճանչնայ, գիտուն է, ով որ ինքզինք կը սանձէ՝ հզօր:
Աշխատանքը արմատախիլ կ’ընէ մարդուս մէջ ընձիւղուած մոլութիւնները:
Մեծ մարդու յատկութիւնն է քիչ խօսքով շատ բան ըսել:
ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԽՈՀԱԳԻՐԸ
Աւոքատոյով Եւ Պանիրով Տիփ
Պատրաստութեան
ժամանակ՝ 20 վայրկեան
Սառնարան պահել՝
4-6 ժամ
Բաղադրեալներ
2 մանր լոլիկ՝ ջարդուած
1 հասուն աւոքատօ՝ կեղուըուած ու մանրուած
1/4 գաւաթ մանր ջարդուած կարմիր սոխ
1 պճեղ ճզմուած սխտոր
1 ա. դգալ ջարդուած թարմ ազատքեղ
1 ա. դգալ ջարդուած թարմ օրեկանօ
1 ա. դգալ ձիթաիւղ
1 ա. դգալ կարմիր կամ ճերմակ գինիի քացախ
4 օզ. ֆէթա պանիր, խոշոր կտորներով փշրուած
չորցուած արաբական հաց կամ թորթիա չիփս
Պատրաստութեան Կերպը
1.- Միջակ չափի խորունկ ամանի մը մէջ միասին խառնեցէք լոլիկը, աւոքատոն, սխտորը, ազատքեղը, օրեկանոն, ձէթը եւ քացախը: Մեղմօրէն խառնեցէք մինչեւ միասին լուծուին յիշեալ նիւթերը: Ապա աւելցուցէք ֆէթա պանիրը: Ծածկեցէք ամանը եւ սառնարանը պահեցէք զայն շուրջ 2 ժամ եւ առաւելագոյնը՝ 6 ժամ:
2.- Այս թացանը հրամցուցէ՛ք թորթիա չիփսով կամ չորցուած արաբական հացով: