ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Սեպտեմբեր 23ին Կոտայքի մարզի Պռոշեան գիւղին մէջ բացումը կատարուցաւ արցախեան ազատամարտին նահատակուած պռոշեանցի ազատամարտիկներու յուշահամալիրը:
Յուշահամալիրի բացման արարողութեան ժամանակ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահան Յովհաննիսեան նշեց, որ սա անգամ մը եւս կը վկայէ, որ ժողովուրդը ոչ միայն չէ մոռցած իր հերոսները, այլեւ ամէն ինչ կ’ընէ անոնց անունը սերունդներու յիշողութեան մէջ միշտ վառ պահելու համար. «Այս տղաները զոհուել են ոչ թէ իրենց գիւղի, այլ հայ ժողովրդի եւ պետութեան համար», նշեց Վ. Յովհաննիսեան՝ աւելցնելով, որ հայ ժողովուրդը այսօր ալ այնքան մարտունակ է, որ որեւէ ատեն կրնայ ոտքի կանգնիլ եւ պաշտպանել հայրենիքի սահմանները:
Պռոշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի խօսքերով, մօտ 15 տարի պռոշեանցիները սպասած են տարբեր պատճառներով ձգձգուող յուշարձանի կառուցումին. «Հետագայ սերունդները գալով այս պանթէոն, մէկ անգամ եւս կը գիտակցեն, թէ ինչ գնով է ազատագրուել Արցախը: Մենք հպարտանում ենք մեր հերոսներով, եւ փառք այն ժողովրդին, որը չի մոռանում իր հերոսներին», ըսաւ ան:
Յայտնենք, որ յուշահամալիրը կառուցուած է Պռոշեան գիւղին մէջ բնակութիւն հաստատած քանատահայ Նիկոլ եւ Զապէլ Աբրահամեաններու աջակցութեամբ: Անոնց աջակցութեամբ, Պռոշեանի մէջ կը կառուցուի մարզադպրոց, կը վերանորոգուի գիւղի դարմանատունը եւ շուտով պիտի սկսի նաեւ գիւղի մանկապարտէզի եւ դպրոցի վերանորոգումը: