ԷՉՄԻԱԾԻՆ, «Արմէնփրէս».- Էջմիածինի մէջ պիտի տեղադրուի արցախեան գոյամարտին նահատակուած ազատամարտիկներու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթող մը, որու հեղինակն է Արա Շիրազ:
Յուշարձանը պիտի ունենայ 4 մեթր բարձրութիւն, պիտի ներկայացնէ երկու յուշասիւներով շրջապատուած պազալթէ քանդակ: Յուշակոթողի համար նախատեսուած տարածքը պիտի բարեկարգուի, իսկ յուշակոթողի բացումը կը նախատեսուի Հոկտեմբեր 8ին՝ Էջմիածինին նուիրուած տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս: