Արցախի նախագահի ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 8 Սեպտեմբերին, կէսօրէն առաջ ժամը 11ին: Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականէն ետք, ըստ սահմանադրութեան փոփոխութիւններուն, նոր նախագահը պիտի ընտրուի Ազգային ժողովին կողմէ:
5 խմբակցութիւններէն 4ին, որոնց կարգին իշխող «Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ»ի նախագահական թեկնածուն նախկին նախագահի վերջին հրամանագիրով պետական նախարար նշանակուած Սամուէլ Շահրամանեանն է:
Խմբակցութիւններէն միայն «Միասնական Հայրենիք»ը այլ թեկնածու մը առաջադրած է` Արցախի պաշտպանութեան նախկին նախարար, կուսակցութեան առաջնորդ Սամուէլ Բաբայեանը, որուն թեկնածութիւնը, սակայն, մերժուեցաւ՝ վերջին տասը տարիներուն Արցախի քաղաքացիութեան եւ մնայուն բնակութեան մասին տեղեկութիւնը չներկայացնելուն պատճառով: Բաբայեան ոչ-մրցակցային նկատեց ընտրութիւնները եւ կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութեան օրը հաւաքուիլ խորհրդարանի շէնքին առջեւ: «Ես հասարակութեանը կոչ եմ արել, որ դուրս գայ, ասի` ոչ, 3 հոգով չէք կարայ նախագահ դնէք, մերժեն ու իրենք իրենց թեկնածուն առաջադրեն», յայտարարեց Բաբայեան:
ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑԻՆ՝ ՍԱԴՐԱՆՔՆԵՐՈՎ ՉՏԱՐՈՒԵԼՈՒ
8 Սեպտեմբերին, Արցախի նախագահի պաշտօնակատար Դաւիթ Իշխանեան, Ոստիկանութիւնը եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) իրար յաջորդելով՝ գրեթէ նոյն բովանդակութեամբ հաղորդագրութիւններ տարածեցին` կոչ ուղղելով քաղաքացիներուն՝ ընտրութեան օրը սադրանքներով չտարուելու: Ըստ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան` տարբեր քաղաքական ուժեր հաւաքներ եւ ցոյցեր կատարելու կոչեր կ՛ուղղեն՝ փորձելով ապակայունացնել իրավիճակը:
«Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը օրէնսդրութեամբ իրեն վերապահուած գործառոյթների եւ լիազօրութիւնների շրջանակում ձեռնարկելու է բոլոր միջոցները ԱՀ Սահմանադրական կարգը պահպանելու համար: Սահմանադրական կարգի տապալմանն ուղղուած սպառնալիքների դէպքում ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը պատրաստ է վճռական գործողութիւնների», կ՛ըսուի ԱԱԾի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Այդպիսի յայտարարութիւններ կատարող ուժերուն Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն կոչ ուղղեցին՝ վտանգի տակ չդնելու պետականութիւնը:
Շահրամանեանի թեկնածութիւնը պաշտպանող ընդդիմադիր «Արդարութիւն» խմբակցութեան քարտուղարը եւս համոզուած է, որ նախագահի ընտրութիւնները խափանելու միտող գործընթացները Արցախը գլխատելու նպատակ ունին:
«Այս պահին ժողովրդի մոբիլիզացիա (զօրաշարժ) է տեղի ունենում ու բոլորի մօտ հէնց այդ անհանգստութիւնը կայ, որ որեւէ արտաքին ուժերի կողմից ղեկավարուող խմբակներին ժողովուրդն ինքը թոյլ չտայ նման պրոցես (գործընթաց) իրականացնել, որովհետեւ մենք իրականում 9 ամսի էս դաժան իրավիճակում դիմակայում ենք, որովհետեւ մենք ունենք յստակ նպատակ` պահել Արցախը հայկական», ըսաւ Մետաքսէ Յակոբեան:
Այս նպատակով յայտարարութիւն հրապարակեցին նաեւ Արցախի Ազգային ժողովի «Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ», «Արդարութիւն», «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» եւ «Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն» խմբակցութիւնները՝ միացեալ յայտարարութեամբ հայրենակիցներուն կոչ ուղղելով՝ զերծ մնալու մեր պետականութիւնը կասկածի տակ դնող գործողութիւններէն:
«Ազգային ժողովի կողմից Արցախի Հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը լուրջ եւ, ստեղծուած իրավիճակով պայմանաւորուած, չափազանց պատասխանատու առաքելութիւն է խորհրդարանի բոլոր պատգամաւորների համար: Հէնց այդ պատասխանատուութիւնն է ուղղորդել մեզ ընդունելի թեկնածու առաջադրելու գործընթացում, ինչն էլ իրականացուել է մեր երկրի Սահմանադրութեան ու օրէնքների շրջանակներում: Մեր խորին համոզմամբ, այսօր, մեր ժողովրդի առջեւ կանգնած գոյաբանական սպառնալիքների պայմաններում, մեզ համար գլխաւոր խնդիրը Արցախի ժողովրդի կողմից թանկագին կորուստների գնով, ծանր զրկանքներով ստեղծուած պետականութեան պահպանումն ու ամրապնդումն է, որը մեզ թոյլ կը տայ շարունակել պայքարը` հայրենի հողում արժանապատիւ, անկախ ու անվտանգ ապրելու մեր անօտարելի իրաւունքի համար: Հաշուի առնելով մեր երկրի առջեւ ծառացած լրջագոյն մարտահրաւէրները, կոչ ենք անում մեր ժողովրդին` մեր քոյրերին ու եղբայրներին, բոլոր նրանց, ում համար այս հողի վրայ ապրելը վեր է բոլոր քաղաքական ու ոչ-քաղաքական խարդաւանքներից, զերծ մնալ մեր պետականութիւնը կասկածի տակ դնող գործողութիւններից», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ։
Յայտնենք, որ նախագահի միակ թեկնածուի ընտրութեան համար պէտք է կողմ քուէարկէ պատգամաւորներուն երկու երրորդը: Շահրամանեանի թեկնածութիւնը առաջադրած 4 ուժերու ձայները միասին բաւական են անոր համար: Նոր ընտրուած նախագահը, ըստ օրէնսդրական վերջին փոփոխութիւններուն, պիտի ղեկավարէ մինչ 2025` Արայիկ Յարութիւնեանի պաշտօնավարման աւարտը: