ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հակառակ այն իրողութեան, որ Երեւանի մէջ կայացող «Հայ-թուրքական սահմանի բացման տնտեսական եւ ընկերային հետեւանքները» խորագրով խորհրդաժողովին մէջ կը քննարկուին տնտեսական հարցեր, սակայն կը նկատուի շատ յստակ քաղաքական ենթաթեքսթ:
Այս մասին լրագրողներուն յայտարարեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան: «Ստացւում է, որ Թուրքիայի հետ սահմանը Հայաստանն է փակել, եւ հէնց նա պէտք է հրաժարուի իր արտաքին քաղաքականութեան հիմնական սկզբունքներից՝ յօգուտ ինչ-որ տնտեսական շահերի», ըսաւ Կիրօ Մանոյեան:
Ան ընդգծեց. «Հայ-թուրքական սահմանի բացմանն աւելի շատ կողմ են Արեւմտեան Հայաստանի (Արեւելեան Անատոլիայի) բնակիչները, քան պաշտօնական Անգարան: Թուրքիայի հասարակական կարծիքը շատ թոյլ է եւ չի կարող ազդեցութիւն ունենալ երկրի արտաքին քաղաքականութեան վրայ: Այլ բան է այն գաւառը, որի համար շահաւէտ է սահմանների բացումը:
«Տուեալ դէպքում, Թուրքիան Ատրպէյճանի պատանդի դերում է յայտնուել Ղարաբաղեան հակամարտութեան վերաբերեալ իր դիրքորոշման հարցում: Պէտք չէ մոռանալ, որ այդ խորհրդաժողովը, չնայած կազմակերպիչների յայտարարութիւններին, շատ յստակ քաղաքական նպատակ է հետապնդում՝ ստիպել Հայաստանին սահմանի բացման համար գնալ քաղաքական զիջումների, ինչը անընդունելի է»:
Իսկ Երկուշաբթի օր, «Հայելի» ակումբին մէջ ՀՀՇի փոխնախագահ Դաւիթ Շահնազարեանի հետ կայացած բանավէճի ընթացքին, Կիրօ Մանոյեան ըսաւ, թէ նշեալ գիտաժողովի կազմակերպիչները, մասնաւորապէս USAID-ի երեւանեան գրասենեակի ներկայացուցիչները, արձանագրած են, որ Թուրքիոյ հետ սահմանի բացման պարագային, Հայաստանի բնակչութեան վիճակը տնտեսապէս պիտի բարելաւուի եւ հասկցուցած են, որ անոր համար անհրաժեշտ է, որ Հայաստան քաղաքական որոշ զիջումներ ընէ:
Մանոյեան ըսաւ, թէ անհաւանական չէ, որ Թուրքիան որոշ պահու մը, կարգ մը հանգամանքներու ազդեցութեան տակ եւ առանց որեւէ նախապայմանի յայտարարէ, որ Հայաստանի հետ սահմանը բաց է:
Ըստ Կիրօ Մանոյեանի, այսպիսի շրջադարձի Հայաստանը պէտք է պատրաստ ըլլայ թէ՛ տնտեսապէս եւ թէ օրէնսդրօրէն:
Կիրօ Մանոյեանի կարծիքով, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջը չէ պատճառը, որ Թուրքիան ներկայիս փակ կը պահէ Հայաստանի հետ սահմանը: Իր համոզումով՝ «Թուրքիայի նպատակը Հայաստանին թուլացնելն է, եւ այդ նպատակին հասնելու համար այդ երկիրը 40 այլ պատճառ կարող է ներկայացնել»:
ՊԱՏԳԱՄԸ՝ ԲԱՑԷ Ի ԲԱՑ
Կիրօ Մանոյեան գիտաժողովին մասին մտահոգիչ նկատեց այն փաստը, որ յատկապէս հովանաւորները կ’ուզէին Հայաստանի ժողովուրդին ըսել, թէ սահմանի բացման պարագային դուք լաւ կ’ապրիք, «ուստի ճնշումներ գործադրէք ձեր քաղաքական իշխանութիւնների վրայ, որ զիջումների գնան Թուրքիայի հետ յարաբերութիւններում»:
Մանոյեան տեղեկացուց, որ թէեւ գիտաժողովի ընթացքին այս միտքը ոչ ոք բացէ ի բաց ըսած է, սակայն քուլիսային խօսակցութիւններու ընթացքին այս մասին ակնարկած է գիտաժողովը ֆինանսաւորած ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) ներկայացուցիչներէն մէկը:
Կ. Մանոյեան մտահոգիչ նկատեց այն փաստը, որ թէեւ նախապէս ծրագրուած չէ եղած գիտաժողովի աշխատանքներու աւարտին որդեգրել որեւէ փաստաթուղթ, սակայն վերջին պահուն այդպիսի փաստաթուղթ մը երեւան եկած է: «Գիտաժողովի վերջում ի յայտ եկաւ ամփոփիչ փաստաթուղթ, որը կազմուած է եղել ԱՄնի ներքին անվտանգութեան նախարարութեան աշխատակցի կողմից», իր վրդովումը յայտնեց Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէնը:
ԱԳՆ-Ի ԿԵՑՈՒԱԾՔԸ
Նոյն այս խորհրդաժողովին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կեցուածքը փոխանցեց փոխնախարար Արման Կիրակոսեան ըսելով, որ Թուրքիան պէտք է բնականոն յարաբերութիւններ հաստատէ տարածաշրջանի իր բոլոր հարեւաններուն հետ՝ առանց նախապայմաններու:
Կիրակոսեան աւելցուց, որ թրքական կառավարութիւնը չի կատարեր Եւրոմիութեան պայմաններէն մէկը՝ որ ԵՄին անդամակցութեան ձգտող երկիրը պէտք է բարիդրացիական յարաբերութիւններ ունենայ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն հետ: «Հայ-թուրքական սահմանի բացումը առաջին հերթին ձեռնտու է սահմանամերձ շրջաններին, որոնք այդ դէպքում նոր խթան կը ստանան զարգացման համար: Տնտեսապէս շահաւէտ է նաեւ վերականգնել Կարս-Գիւմրի երկաթուղին», ընդգծեց Կիրակոսեան եւ աւելցուց, որ Թուրքիա ճիգ չի թափեր տարածաշրջանէն ներս համագործակցութիւն հաստատելու համար, որ, ըստ իրեն, կրնայ դառնալ կայունութեան երաշխիք:
Միեւնոյն ժամանակ, Կիրակոսեան ըսաւ, թէ որ Հայաստան կ’ողջունէ հայ-թրքական սահմանի բացման ուղղութեամբ որեւէ նախաձեռնութիւն: «Մինչ օրս հիմնական յարաբերութիւնները Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ իրականացւում էին հասարակական կազմակերպութիւնների, այլ ոչ թէ կառավարական մակարդակով: 2005 թուականին Հայաստանի նախագահը պատասխան ուղերձ էր հղել Թուրքիայի ղեկավարութեանը՝ առաջարկելով ստեղծել հայ-թուրքական համատեղ յանձնաժողով երկրների միջեւ երկխօսութիւն հաստատելու համար: Սակայն մինչ օրս Թուրքիայի իշխանութիւններից պատասխան չի ստացուել: Երկու երկրների ԱԳՆ ներկայացուցիչների միջեւ եղել են հանդիպումներ, հանդիպել են նաեւ ԱԳՆ ղեկավարները, սակայն դրանք բոլորն անարդիւնք են անցել», ըսաւ փոխնախարարը:
Արման Կիրակոսեան անգամ մը եւս յիշեցուց, որ Հայաստան պատրաստ է Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան՝ առանց նախապայմաններու, որոնք են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ Թուրքիոյ կեցուածքը ղարաբաղեան հակամարտութեան մէջ: