Oragir.news-ը կը տեղեկացնէ, թէ Ատրպէյճանի կողմէ ապօրինաբար ձերբակալուած Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան հարցը կը շարունակէ մնալ մտահոգ քաղաքացիներուն ուշադրութեան կիզակէտին, հակառակ անոր որ Հայաստանի իշխանութիւնները բաւարար միջոցներու չեն ձեռնարկերեր, որպէսզի վերջիններս ազատ արձակուին: Նոյն ատեն, Ատրպէյճան կը ձգտի այդպիսով յաւելեալ ճնշումներ գործադրել Հայաստանի վրայ` յաւելեալ զիջումներ ստանալու նպատակով:
«Յիշեցնենք, որ Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ Սեպտեմբերի 19ին տեղի ունեցած վերջին ագրեսիայից (յարձակումէն) յետոյ Ադրբեջանի կողմից ապօրինաբար ձերբակալուել եւ Բաքու են տեղափոխուել Արցախի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանը, Բակօ Սահակեանը եւ Արայիկ Յարութիւնեանը, ԱԺ նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը, նախկին պետնախարար Ռուբէն Վարդանեանը, ՊԲ նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը, հրամանատարի նախկին տեղակալ Դաւիթ Մանուկեանը, իսկ նախկին ԱԳ նախարար Դաւիթ Բաբայեանն ինքնակամ էր ներկայացել Շուշի եւ յանձնուել ադրբեջանցիներին», կը տեղեկացն թերթը:
Այս բոլորին լոյսին տակ Oragir.news-ը հարցազրոյց մը ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի հետ՝ իմանալու համար, թէ կուսակցութիւնը ի՛նչ քայլերու կը ձեռնարկէ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը ազատ արձակելու ուղղութեամբ:
Մանոյեան յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը՝ Հայկական իրաւական կեդրոնին միջոցով, արդէն երկու տարիներէ ի վեր, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ աշխատանք կը տանի ոչ միայն Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարները, այլ նաեւ Ատրպէյճանի մէջ պահուող բոլոր ռազմագերիները ազատ արձակելու նպատակով:
Ան ընդգծեց, որ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներէն 8 ներկայացուցիչներուն հարցը աւելի շատ քաղաքական է, քան իրաւական, եւ այդ նպատակով, քաղաքական զանազան շրջանակներու հետ աշխատանքներ կը տարուին` հիմնականօրէն միջազգային ուղղութեամբ: Ըստ Մանոյեանի՝ երաշխաւորուած չէ, որ այս աշխատանքները դրական արդիւնք ունենան, որովհետեւ հարցը կախեալ է մէկ անձէ՝ Իլհամ Ալիեւէն:
Անդրադառնալով ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն մէջ տարածուած այն տեղեկութիւններուն, որ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն կը սպասէ մինչեւ ցմահ բանտարկութիւնը, եւ արդեօք կարելի պիտի ըլլա՞յ վերջինները ազատ արձակել բանտէն` Մանոյեան ըսաւ, որ Արցախի ռազմաքաղաքական 8 ղեկավարներուն դէմ մեղադրանքները տարբեր են: Յատկապէս ծանր են Արայիկ Յարութիւնեանի նկատմամբ ներկայացուած մեղադրանքները:
«Արայիկ Յարութիւնեանին ներակայացուել են մեղադրանքներ, որոնք միւսների դէպքում չկան, քանի որ Արցախեան 44օրեայ պատերազմի ժամանակ նա հրապարակային յայտարարեց, որ Գեանջան իր հրամանով է հրթիռակոծուել, այդ տեսանիւթը նոյնպէս առկայ է: Բայց կարծում եմ` ինչ էլ որ լինի, վերջում քաղաքական որոշում է կայացուելու», եզրափակեց Մանոյեան: