Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանին մէջ, 17 Մարտին, Պաշտպանութեան, ապահովութեան եւ օրինապահպանութեան հարցերու մնայուն յանձնաժողովին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ «Ռազմական դրութեան պայմաններում պետական կառավարման եւ տեղական ինքնակառավարման մարմինների, կազմակերպութիւնների խնդիրները եւ գործողութիւնները քաղաքացիական պաշտպանութեան բնագաւառում» նիւթով դռնփակ քննարկումը, որուն ներկայ էր նաեւ Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան:
Քննարկման հրաւիրուած էին պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան, ներքին գործոց նախարարութեան, արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տնօրէն, գնդապետ Մեխակ Արզումանեան, բանակի հրամանատարի առաջին տեղակալ գնդապետ Սամուէլ Գրիգորեան, Արցախի նախագահի խորհրդական Գրիգորի Սահակեան եւ Հանրային խորհուրդի նախագահ Արմէն Գէորգեան: