ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարութիւն հրապարակեց, զարմանք յայտնելով Արցախի մէջ կայացած հանրաքուէի առնչութեամբ եւրոպական միջազգային կառոյցներու վերաբերումին առթիւ, որոնք իրենց յայտարարութիւններով կը փորձեն կասկածի տակ առնել Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի՝ իրաւական դաշտը ամրապնդելու փաստը:
Նախարարութիւնը կը նշէ, որ տուեալ հանրաքուէն երկրի հիմնական օրէնքին մէջ ժողովրդավարական սկզբունքները ամրապնդելու եւ օրէնսդրութիւնը զարգացնելու հերթական փուլն է եւ նպատակ ունի նոր լիցք հաղորդել պետական կառավարման բնագաւառէն ներս նոր, աւելի ազատամիտ սկզբունքներու ձեւաւորման ու զարգացման, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան կայացման գործընթացին: «Այդ առթիւ առաւել քան տարօրինակ են թւում ժողովրդավարութիւնը եւ օրէնքի գերակայութիւնը որդեգրած եւրոպական ատեանների՝ Լեռնային Ղարաբաղում կատարուող ժողովրդավարական եւ օրէնսդրական գործընթացներն անտեսելու եւ ժխտելու փորձերը», կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ:
Միաժամանակ, նախարարութիւնը համոզում կը յայտնէ, որ սահմանադրութեան որդեգրումը ոչ մէկ ձեւով կրնայ խոչընդոտել ղարաբաղեան հակամարտութիւնը խաղաղ ձեւով լուծելու՝ միջազգային միջնորդներու ճիգերը: «Եթէ հետեւենք վերջին յայտարարութիւնների տրամաբանութեանը, որոնց համաձայն ԼՂՀ սահմանադրութեան հանրաքուէն կը խանգարի բանակցութիւններին, ապա կարելի է եզրակացնել, որ 1995թ. հանրաքուէով ընդունելով Ատրպէյճանի սահմանադրութիւնը եւ 2002ին դրա ուղղումները, պաշտօնական Պաքուն հէնց նպատակ է հետապնդել հարուած հասցնել այդ տարիներին ընթացող բանակցութիւններին: Իսկ ինչո՞ւ այն ժամանակ եւրոպական կառոյցները չեն քննադատել Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը», կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ:
Նախարարութեան յայտարարութիւնը կը շարունակէ ըսելով, որ «ԼՂՀ սահմանադրական հանրաքուէն չի կարող կանխորոշել ԵԱՀԿ ՄԽ հովանու ներքոյ ընթացող՝ հակամարտութեան լուծման շուրջ խորհրդատուութիւնների ելքը: Աւելին՝ հարց է ծագում. արդեօ՞ք տարածքային ամբողջականութեան վերաբերեալ Ատրպէյճանի կողմից շարունակաբար հնչեցուող դիրքորոշումը, ինչպէս նաեւ ատրպեճանական պետութեան միատարր լինելու մասին ԱՀ սահմանադրութեան մէջ ամրագրուած դրոյթը այն գործօնները չեն, որոնք կանխորոշում եւ խաթարում են Մինսքի գործընթացի տրամաբանութիւնը, որի հիմքում այլ սկզբունքների հետ միասին դրուել է նաեւ ինքնորոշման իրաւունքը»:
Նախարարութիւնը յոյս կը յայտնէ, որ եւրոպական կազմակերպութիւնները, առաջնորդուելով իրենց իսկ հռչակած ժողովրդավարական սկզբունքներով, վերատեսութեան կ’ենթարկեն իրենց կանխակալ վերաբերումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդավարական գործընթացներուն նկատմամբ: