ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «KarabakhOpen».- 2006ին ԼՂՀ բանակին մէջ գործադրուած դաստիարակչական աշխատանքները իրենց ծաւալով եւ նպատակասլացութեամբ անհամեմատ կը գերազանցեն նախորդ տարիներու կատարուածին, բայց եւ այնպէս ընելիքներ դեռեւս շատ կան, մանաւանդ՝ անձնակազմի գաղափարական պատրաստուածութեան բարձրացման եւ արտակարգ պատահարներու նուազեցումին ուղղութեամբ: Այս մասին, համաձայն «Մարտիկ» թերթի, յայտարարուած է համաբանակային խորհրդակցութեան ժամանակ:
Նշուած են նաեւ բանակի վերանորոգման եւ վերականգնողական անձնակազմի կողմէ կատարուած աշխատանքները, որոնց արդիւնքով Արցախի բանակի սպառազինութիւնը համալրուեցաւ նաեւ ռազմական մեքենաներու եւ սարքաւորումներու նոր քանակով: Քանի մը ամիսներու ընթացքին հայ վարպետները վերականգնեցին եւ գործարկեցին գործարանային թողարկման չափանիշներուն համապատասխանող հրասայլեր, հետեւակի մարտական մեքենաներ եւ ռազմական նշանակութեան այլ միջոցներ: Յատկանշական է նաեւ այն հանգամանքը, որ նշուած սպառազինութեան առաջին փորձարկումը անձամբ իրականացուց բանակի հրամանատարը:
Նախարար Սէյրան Օհանեանի խօսքերով, 2006ին յառաջընթաց արձանագրուած է նաեւ ճարտարագիտական կառոյցներու կատարելագործման, մարտական հերթապահութեան մէջ գտնուող անձնակազմի անվտանգութեան ապահովման, կենցաղային պայմաններու բարելաւման, դիրքերու կահաւորման, պաշտպանական բնագիծերու ստեղծման եւ շարք մը այլ բնագաւառներու մէջ: