ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- ԼՂՀ վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեանը Սեպտեմբեր 29ին ընդունեց Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի նախագահ Յարութիւն Արմէնեանը եւ զինք ուղեկցող պատուիրակութիւնը։
Հիւրերը շնորհաւորեցին Ա. Յարութիւնեանը վարչապետի պաշտօնին նշանակուելու առթիւ, ապա մանրամասնեցին այն ծրագիրները, որ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանը կ’իրականացնէ Արցախի մէջ։
Յարութիւն Արմէնեան տեղեկացուց, որ կրթական նախագիծերուն զուգահեռ համալսարանը ձեռնարկած է նաեւ տնտեսական զարգացման ծրագիրներ գործադրելուն։ ՀԱՀի արցախեան ներկայացուցչութեան միջոցով ԼՂՀ շարք մը գիւղերու բնակիչներու համար կը կազմակերպուին ձեռներէցութեան դասընթացքներ, նոյն ժամանակ, անոնց ցոյց կը տրուի ֆինանսական եւ խորհրդատուական օժանդակութիւն իրենց ծրագիրները իրականացնելու համար։ Ամերիկեան համալսարանը, մասնաւորապէս, հետամուտ է իջեւանատուներու հիմնադրման գործին, ինչը կը նպաստէ զբօսաշրջութեան զարգացումին։
Վարչապետ Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրերուն եւ վստահեցուց, որ ԼՂՀ կառավարութիւնը կը սատարէ նշուած ծրագիրներու իրականացման։ Ան հիւրերուն տեղեկացուց, թէ կառավարութեան կողմէ յառաջիկային ինչ քայլեր պիտի ձեռնարկուին գործարարութեան խթանման համար, մասնաւորապէս, զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ։