ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Սեպտեմբեր 23ին ընդունեց Լոս Անճելըսի Հայ կրթական հիմնարկութեան անդամներ Յակոբ եւ Մինա Շիրվանեանները, Ռալֆ եւ Սաւի Թիւֆէնքեանները եւ Յակոբ ու Հիլտա Բաղդասարեանները:
Զրոյցի ընթացքին քննուեցան Հայ կրթական հիմնարկութեան կողմէ Արցախի մէջ գործադրուող ծրագիրներուն, փոխադարձ կապերու խորացման եւ ամրապնդման, ինչպէս նաեւ ԼՂՀ տնտեսական զարգացման հեռանկարներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:
Հանդիպման մասնակիցները երկուստեք ընդգծեցին Արցախ-Սփիւռք յարաբերութիւններուն նոր որակ հաղորդելու, մասնաւորապէս երկուստեք շահաբեր ներդրումային ծրագիրներու ընդլայնման անհրաժեշտութիւնը:
Նախագահ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնեց ամերիկահայ բարերարներուն՝ Արցախին ցուցաբերուող մշտական աջակցութեան համար, եւ հաւաստիացուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները հետեւողական կ’ըլլան երկկողմանի գործակցութեան զարգացման համար: