ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ, «Արմէնփրէս», «Նոյեան Տապան».- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցան շարք մը ձեռնարկներ՝ նուիրուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 16րդ տարեդարձին, իսկ Երեքշաբթի օր, նախագահի պաշտօնը ստանձնեց նորընտիր նախագահ Բագօ Սահակեան:
ԼՂՀի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի գրասենեակին մէջ, նախագահ Բագօ Սահակեանին պաշտօնապէս տրուեցան իր պաշտօնը ստանձնելու փաստաթուղթերը: Նոր պաշտօնը ստանձնելու պահուն, նորընտիր նախագահը յայտարարեց, թէ պիտի շարունակէ ժողովրդավարացման գործընթացը, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան ամրապնդպումը:
Տօնական օրը սկսաւ Ստեփանակերտի յուշահամալիրին մէջ՝ յարգանքի տուրք մատուցելով անոնց յիշատակին, որոնք իրենց կեանքը նուիրած են յանուն Արցախի ազատագրութեան:
Սեպտեմբեր 2ին Ստեփանակերտի յուշահամալիր այցելեցին ԼՂՀ եւ Հայաստանի պետական դէմքեր: Ձեռնարկներուն մասնակցելու նպատակով Ստեփանակերտ ժամանած էր նաեւ Հայաստանի ԱԺ նախագահ Տիգրան Թորոսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Տասնվեց տարի առաջ Լեռնային Ղարաբաղի մարզային եւ Շահումեանի շրջանային ժողովրդական պատգամաւորներու խորհուրդներու միացեալ նստաշրջանը որդեգրեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն հռչակելու պատմական որոշումը: Այսօր այդ մարմիններու իրաւայաջորդ ԼՂՀ խորհրդարանը հանրապետութեան հռչակման 16րդ տարեդարձի օրը նշեց նորամուտով: Հանդիսութեամբ բացումը կատարուեցաւ ԼՂի Ազգային ժողովի նոր շէնքին եւ ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեանի ուղեկցութեամբ հիւրերը ծանօթացան շէնքին:
Տիգրան Թորոսեան խոստացաւ աջակցիլ նիստերու դահլիճը բազմալեզու ուղղակի թարգմանութեան սարքերով օժտելուն: Նորաբաց շէնքի չորրորդ յարկին մէջ հիւրերը հնարաւորութիւն ունեցան ծանօթանալու քանատահայ լուսանկարիչ Հրայր Բազէի հեղինակային ցուցահանդէսին:
Հանդիսութիւններու ծիրէն ներս, Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ բացումը կատարուեցաւ Արցախի եւ ազատագրուած տարածքներուն մէջ 1990-2005ին կատարուած հնագիտական հետազօտութիւններու արդիւնքներուն մասին ցուցահանդէսին, ուր պատմամշակութային ժառանգութեան գիտահետազօտական կեդրոնի տնօրէն Յակոբ Սիմոնեան պատմեց Կերենի դամբարանադաշտի գտածոներէն մէկու մասին, որուն նմանները 15 տարուան ընթացքին պատմամշակութային ժառանգութեան գիտահետազօտական կեդրոնի աշխատակիցները շատ յայտնաբերած են Արցախի ազատագրուած տարածքներուն մէջ: Կամաւոր կարգով մասնագէտներէ բաղկացած արշաւախումբը գործած է պատերազմի առաջին իսկ տարիներէն: Ռազմական գործողութիւններուն զուգահեռ, հետազօտողները այցելած են ազատագրուող բոլոր շրջանները: Տասնհինգ տարի տեւած քրտնաջան աշխատանքի արդիւնքով ուսումնասիրուած է 1500 յուշարձան: Հնագիտական նիւթերէն զատ՝ ներկայացուած են 1990ին Գետաշէնի ենթաշրջանէն լուսանկարներ, որոնք կը պատկերեն արշաւախումբի անցած ուղին պաշարուած Գետաշէնի եւ Մարտունաշէնի մէջ: Յուշարձաններու մէկ մասը ոչնչացուած է այնտեղ հաստատուած ազերիներու կողմէ եւ պատմամշակութային ժառանգութեան գիտահետազօտական կեդրոնի կազմած վաւերագիրները վերջին փաստագրումներն են, որոնք պահպանուած են որպէս այս տարածքներու հայաբնակ ըլլալու իրեղէն վկայութիւններ:
Այլ է վիճակը ազատագրուած տարածքներուն մէջ. այստեղ կատարուած իւրաքանչիւր հետազօտութիւն պատմութիւն կը վերականգնէ: Ուսումնասիրուած են բնակավայրեր, դամբարաններ, խաչքարեր, գերեզմանոցներ, բայց տնօրէնի կարծիքով, անոնց մէջ կ’առանձնանան 2ը՝ Ծիծեռնավանքի տարածքի եւ Կերենի դամբարանադաշտի պեղումները:
Տեղի ունեցան նաեւ ժողովրդային տօնախմբութիւններ՝ Արցախի զանազան բնակավայրերու մէջ: