ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան», Հանրային Ձայնասփիւռ.- «Ար» հանրային ձայնասփիւռի կայանը եւ Ամերիկեան հեռարձակողներու տնօրէններու խորհուրդը կնքած են պայմանագիր, ըստ որուն «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հայկական ծառայութեան ծրագիրները օրական 2 ժամ 5 րոպէ տեւողութեամբ պիտի վերասփռուին «Ար-ձայնասփիւռ»ի FM ցանցով:
Միջմայրցամաքային «Ար-ձայնասփիւռի»ի եւ «Ազատութեան» միջեւ պայմանագիրը ուժի մէջ է 2007ի Օգոստոս 15էն մինչեւ 2008ի Սեպտեմբեր 14: Ցանցը ունի 23 հաղորդակ եւ այժմ կը ծածկէ Հայաստանի տարածքի աւելի քան 80 տոկոսը:
«Ար-ձայնասփիւռ»ը պիտի շարունակէ նաեւ գործակցութիւնը հանրային ձայնասփիւռի ընկերութեան Երեւան ծրագիրին հետ եւ օրական 21 ժամ 55 րոպէ ծաւալով վերահեռարձակէ հանրային ձայնասփիւռի ընկերութեան Երեւան ծրագիրի հաղորդումները:
Յայտնենք, որ Հայաստանի հանրային ձայնասփիւռը Յուլիսի կէսերուն յայտարարած էր, որ 2007ի Օգոստոս 9էն պիտի դադրեցէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի հաղորդումներու հեռարձակումը իր ցանցի 80 հաղորդակներով: