ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պիլ Կէյթսի եւ առեւտուրի ու տնտեսական զարգացման նախարարութեան միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրի շրջանակներով կատարուող աշխատանքներէն արդէն աւարտած է «Windows XP» ծրագիրի հայերէնը, իսկ մինչեւ տարեվերջ պիտի աւարտին «Microsoft Windows Vista» ծրագիրի աշխատանքները:
Այս մասին յայտնեց «Microsoft» ընկերութեան Հայաստանի գրասենեակի ղեկավար Գրիգոր Բարսեղեան եւ նշեց, որ 2008ի սկիզբին նախատեսուած է ներկայացնել «Օffice 2007» ծրագիրի հայկական տարբերակը եւս: