ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան», «Արմէնփրէս».- Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ, Յուլիս 14ի ուշ երեկոյեան տեղի ունեցաւ շարժանկարի «Ոսկէ ծիրան» միջազգային 4րդ փառատօնի փակման պաշտօնական արարողութիւնը եւ յայտարարուեցան 5 անուանակարգերու մրցոյթներու արդիւնքները:
Միջազգային շարժանկարի կազմակերպութեան քաջալերական մրցանակով պարգեւատրուեցաւ Քարլա Կարապետեան՝ «Ճչացողները» (Screamers) շարժանկարին համար (Մեծն Բրիտանիա): Գլխաւոր մրցանակը յանձնուեցաւ Վարդան Յովհաննիսեանին՝ «Մարդկային պատմութիւններ պատերազմի եւ խաղաղութեան օրերից» վաւերագրական շարժանկարի համար (Հայաստան):
Այս տարի առաջին անգամ փառատօնին ներկայացուած «FIPRESCI» շարժանկարի լրագրողներու եւ քննադատներու միջազգային ընկերակցութեան մրցանակին արժանացաւ նոյնպէս Վարդան Յովհաննիսեանի նոյն շարժանկարը:
Այս տարի ամենաշատ շարժանկարները ներկայացուած էին «Հայկական համայնապատկեր» մրցոյթին՝ 23 շարժանկար: Այս անուանակարգի վկայականներով պարգեւատրուեցան Աշոտ Մկրտչեան՝ «7 հնդիկ տղայ» (Հայաստան) եւ Իկոր Սպասեան «Կրաֆիթի» (Ռուսիա) շարժանկարներու համար, իսկ յատուկ մրցանակին արժանացաւ Կարէն Յովհաննիսեանի «Ես մնում եմ» շարժանկարը (Ռուսիա): Նոյն անուանակարգին «Արծաթէ ծիրան»ը յանձնուեցաւ Վ. Յովհաննիսեանին, իսկ գլխաւոր՝ «Ոսկէ ծիրան»ին արժանացաւ Քարլա Կարապետեան՝ «Ճչացողները» շարժանկարի համար:
Վաւերագրական գործերու գլխաւոր մրցանակը յանձնուեցաւ Վ. Յովհաննիսեանին, իսկ արծաթէ «Ոսկէ ծիրան»ը՝ Քսեաուէ Քրիսթիանի «Սպիտակ ուղտը» շարժանկարին (Պելճիքա):
Խաղարկային մրցոյթին ներկայացուած 10 շարժանկարներէն Պրունօ Տիւմոնի «Ֆլանտրիա»ին յանձնուեցաւ յատուկ վկայական: Արծաթէ մրցանակը շնորհուեցաւ Էմանուելէ Քրիալեզէի իտալական «Նոր աշխարհ»ին, իսկ առաջին մրցանակը՝ Աւստրիայէն Ուլրիխ Զայտելիին՝ «Ներմուծում-արտահանում» շարժանկարներու համար:
Փառատօնի «Կենաց ծառ»ի մրցանակաբաշխութեան յաղթող դարձաւ երիտասարդ բեմադրիչ Գոռ Բաղդասարեանի «Ճաշի ժամը» շարժանկարը:
Փառատօնի նախագահ Յարութիւն Խաչատրեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք կամաւոր աջակցեցան փառատօնի կազմակերպման աշխատանքներուն. «Վաղուանից մենք արդէն սկսելու ենք հինգերորդ փառատօնի կազմակերպման աշխատանքները եւ յոյս ունենք, որ տարէցտարի աւելի շատ հանրայայտ բեմադրիչներ եւ շարժանկարներ կը գան Հայաստան», ըսաւ ան:
Աւելցնենք, որ «Տոնինօ Քուերա» հիմնադրամը փառատօնի հիմնադիր նախագահ, բեմադրիչ Յարութիւն Խաչատրեանին շնորհեց «Ամարքորտ» մրցանակին:
Նշենք, որ փառատօնի զանազան անուանակարգերու 4 մրցանակներուն արժանացած Վարդան Յովհանիսեանի «Մարդկային պատմութիւն պատերազմի եւ խաղաղութեան օրերից» շարժանկարը կը նկարագրէ 1994ի Մարտակերտի հերոսամարտին եւ խրամատներուն մէջ մարտնչող մարտիկներուն առօրեան: Շարժանկարի երկրորդ մասը նուիրուած է նոյն այդ մարտիկներուն յետպատերազմեան օրերուն: Վ. Յովհաննիսեանը ցաւով նշեց, որ այսօր կը յիշեն պատերազմի ընթացքին նահատակուած հերոսներուն մասին, եւ այս աշխատանքով իր նպատակը եղած է պատմել նաեւ այն մարտիկներուն մասին, որոնք այսօր կ’ապրին Հայաստանի մէջ: