ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Սերժ Սարգսեանի՝ Արագածոտնի, Լոռիի եւ Տաւուշի մարզեր կատարած եռօրեայ աշխատանքային այցի վերջին օրը սկսաւ Լոռիի մարզի Ախթալայի լեռնահարստացուցիչ գործարան կատարած շրջայցով:
Գործարանի սեփականատէր Սերոբ Տէր Պօղոսեանի խօսքերով, 2001էն ի վեր կրկին աշխատանքի սկսած գործարանին մէջ այժմ ամսական կ’արտադրուի 250-300 թոն պղինձի խտանիւթ՝ 25 տոկոս պղինձի պարունակութեամբ, եւ ընկերութիւնը յառաջիկային կը նախատեսէ աւելցնել արտադրութեան ծաւալները՝ հասցնելով 800-1000 թոնի:
Ապա հայ-յունական բարեկամութեան յուշարձանին մօտ, վարչապետը հանդիպում ունեցաւ Ախթալայի բնակիչներուն հետ, ծանօթացաւ համայնքի խնդիրներուն:
Վարչապետի եռօրեայ այցի վերջին կանգառը Տաւուշի մարզն էր, որ սկսաւ Բագրատաշէնի մաքսակէտ այցելութեամբ: Ս. Սարգսեան ծանօթացաւ բեռներու մաքսազերծման նորակառոյց կէտին, այցելեց 40 թոն զանգուածով մեքենաներու ստուգման նոր մասնաշէնքի շինարարական հրապարակ:
Ան այցելեց նաեւ մաքսակէտի սահմանային հսկիչ կէտ:
Վարչապետին ներկայացուեցան նաեւ մարզին մէջ ենթակառոյցի վերականգնման աշխատանքները՝ Ոսկեպար-Բաղանիս 36 քիլոմեթր երկարութեամբ մայրուղիի վերանորոգումը, ինչպէս նաեւ 6.3 քիլոմեթր երկարութեան Ոսկեպար-Կոթի ոռոգման ջրագիծի եւ մարզի բնակավայրերու կազի խողովակներու շինարարութեան աշխատանքները:
Այցի աւարտին, Կոթի գիւղին մէջ վարչապետ Սարգսեան մասնակցեցաւ Կոթիի օրուան նուիրուած տօնակատարութիւններուն եւ ծաղկեպսակ զետեղեց Կոթիի զոհուած ազատամարտիկներու յուշարձանին, մասնակցեցաւ երեխաներու մկրտութեան եւ մատաղի արարողութիւններուն:
Յիշեցնենք, որ վարչապետին կ’ուղեկցէին գիւղատնտեսութեան նախարար Դաւիթ Լոքեան, ընկերային ապահովագրութեան հիմնադրամի նախագահ Վազգէն Խաչիկեան, պատգամաւորներ, բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներ: