6-14 Սեպտեմբեր 2007 Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքի հայութիւնը տրոփեց լիբանանահայութեան կշռոյթով:
Շաբաթ, 8 Սեպտեմբեր 2007ին, Սիտնիի մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ՝ նախաձեռնութեամբ եւ հրաւէրով տէր եւ տիկին Զօհրապ եւ Քարլա եւ տէր եւ տիկին Հրաչ եւ Լուսին Գըվըրեան եղբայրներու: Ճաշկերոյթը կազմակերպուած էր ի նպաստ Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանի Սան որդեգրելու ծրագիրին: Ներկայ էր Աւստրալիոյ եւ Նիւ Զելանտայի առաջնորդ Աղան արք. Պալիոզեան: Սոյն առիթին ներկայ ըլլալու հրաւիրուած էր Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեան: Ճաշկերոյթին ընթացքին Քարլա Գըվըրեան բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Գեղամ եպս. Խաչերեանին ներկայ գտնուելուն համար եւ ապա բացատրեց երեկոյթին նպատակը, որուն համար շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն:
Գեղամ եպս. Խաչերեան խօսք առնելով՝ անդրադարձաւ երեկոյթին նախաձեռնութեան եւ անոր ազգօգուտ նպատակին, որուն համար ըսաւ, որ կարելի չէր անտարբեր մնալ նման նախաձեռնութեան դիմաց՝ միաժամանակ գովաբանելով Գըվըրեան եղբայրներուն ի գործ դրած ճիգերը ի սպաս Լիբանանի հայ վարժարաններուն եւ կարիքաւոր աշակերտներուն։ Շնորհակալութիւն յայտնելով Լիբանանի Ազգային իշխանութեան անունով, առ ի գնահատանք եղած աշխատանքին, Գեղամ եպիսկոպոս Գըվըրեան եղբայրները պատուեց օրհնութեան եւ գնահատանքի գիրով։ Ճաշկերոյթին ներկայ էր Լիբանանի թեմի Քաղաքական ժողովի անդամ Րաֆֆի Սիսլեան։
Գեղամ եպս. Խաչերեանի Սիտնի այցելութեան առիթով, կազմակերպուեցան շարք մը այցելութիւններ եւ ելոյթներ։
Ուրբաթ, 7 Սեպտեմբեր 2007ի երեկոյեան, շրջանի Հ.Յ.Դ. «Դրօ» կոմիտէին հրաւէրով «Համազգային»ի «Արշակ եւ Սոֆի Կոլստըն» ճեմարանի սրահին մէջ ի պատիւ Գեղամ եպս. Խաչերեանի տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, որուն ներկայ գտնուեցան թեմի առաջնորդ Աղան արքեպիսկոպոս, Սիտնիի հայ կազմակերպութեանց եւ միութեանց ներկայացուցիչներ, Սիտնի քաղաքի պետական երեսփոխան Կլատիս Պէրէճիքլեան եւ ճեմարանի բարերարներ ու խնամակալներ։ Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն աւարտին խօսք առաւ Գեղամ եպս. Խաչերեան՝ շնորհակալութիւն յայտնելով եղած ընդունելութեան եւ պատիւին համար։ Բացատրելէ ետք Աւստրալիա իր այցելութեան նպատակը, Գեղամ եպիսկոպոս գլխաւոր գիծերու մէջ անդրադարձաւ հայ դպրոցին վերապահուած առաքելութեան՝ սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան առնչութեամբ։ Այս գծով իր խօսքին մէջ շեշտեց Լիբանանի հայութեան վերապահուած դերակատարութեան եւ ունեցած կարելիութիւններուն մասին՝ շեշտելով, որ Լիբանանի հայութեան վերապահուած դերակատարութիւնը պէտք չէ առնչել տիրող քաղաքական պայմաններուն հետ եւ, հետեւաբար, այնպէս նկատել, որ Լիբանանի հայութեան դերը հետզհետէ աւարտելու վրայ է։ Լիբանանը իր կառոյցներով եւ ունեցած հնարաւորութիւններով լիբանանահայութեան չի պատկանիր միայն, այլ՝ սփիւռքահայութեան։ Հետեւաբար որեւէ օժանդակութիւն, որ կ՚ընծայուի Լիբանանի կառոյցներուն, կը վերաբերի համայն Սփիւռքի հայութեան։
Շաբաթ, 8 Սեպտեմբեր 2007ին, սրբազան հայրը այցելեց Թարգմանչաց շաբաթօրեայ վարժարանը, անցնելով դասարաններէն՝ աշակերտներուն հետ զրոյց ունեցաւ եւ ապա հանդիպում ունեցաւ վարժարանի պատասխանատուներուն եւ ուսուցչական կազմին հետ՝ գնահատելով պատասխանատուներուն եւ ուսուցչական կազմին անվճար եւ անձնուէր յարատեւ ծառայութիւնը, հակառակ դժուարութեանց եւ սահմանափակ կարելիութեանց, ի խնդիր հայ նոր սերունդին դաստիարակութեան։ Շաբաթօրեայ վարժարանի պատասխանատուները, վարժարանի նիւթական դժուար պայմաններուն հակառակ, փոքր, բայց խորհրդանշական գումար նուիրեցին Լիբանանի ազգային վարժարաններուն։
Կիրակի, 9 Սեպտեմբեր 2007, թեմի առաջնորդ սրբազանին հրաւէրով Գեղամ եպս. քարոզեց Սիտնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. պատարագի աւարտին հանդիպում ունեցաւ թեմական վարչութեան հետ եւ առաջնորդ սրբազանին ճաշի հիւրը եղաւ։
Նոյն օրը երեկոյեան այցելեց Սիտնիի Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արարատ» ակումբը եւ իր խօսքը փոխանցեց մասնաճիւղի վարչութեան ու յատկապէս մարզիկներուն, որոնք Հայաստանէն նոր վերադարձեր էին Համահայկական խաղերուն մասնակցելէ ետք՝ արժանանալով մրցաշարքին մասնակցող տիպար խումբի մրցանակին եւ երրորդ դիրքին, լուսարձակի տակ առնելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի նուիրեալ ծառայութիւնը եւ վաստակը՝ Սփիւռքի տարածքին հայ տիպար սերունդներ պատրաստելու։
Երկուշաբթի, 10 Սեպտեմբեր 2007ին, Սիտնիի հայկական «Սարդարապատ» ռատիոժամի յայտագիրէն հարցազրոյց ունենալով՝ Գեղամ եպիսկոպոս գլխաւորաբար անդրադարձաւ Սփիւռքի զանազան գաղութներուն դիմագրաւած նոյնատեսակ մարտահրաւէրներուն եւ յատուկ կերպով շեշտեց Լիբանանի հայութեան վերապահուած դերակատարութեան։
Երեքշաբթի, 11 Սեպտեմբեր 2007ին, Սիտնիի Հայ մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հրապարակային դասախօսութիւն։ Դասախօսեց Գեղամ եպիսկոպոս՝ Հայ եկեղեցւոյ ազգային ծառայութիւնը հայ ժողովուրդին նիւթին մասին։
Դասախօսութենէն ետք Գեղամ եպիսկոպոս հանդիպում ունեցաւ Սիտնիէն Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանի Սան որդեգրելու ծրագիրին մասնակցող բարերարներուն հետ, որ բարեբաստիկ առիթ եղաւ բարերարներուն համար իրենց գոհունակութիւնը յայտնելու ծրագիրին վերաբերեալ եւ յաւելեալ մանրամասնութիւններ լսելու կատարուած աշխատանքին մասին, որմէ մղուած՝ աւելցուցին իրենց որդեգրած աշակերտներուն թիւը։
Չորեքշաբթի, 12 Սեպտեմբեր 2007ին, Գեղամ եպիսկոպոս ազգային բարերար Արշակ եւ Սոֆի Կոլստըններուն հիւրը եղաւ։
Հինգշաբթի, 13 Սեպտեմբեր 2007ին, Գեղամ եպիսկոպոս այցելեց «Համազգային»ի «Արշակ եւ Սոֆի Կոլստըն» ճեմարանը։ Այս առիթով ճեմարանի աշակերտութիւնը հանդիսասրահին մէջ հանդէս եկաւ գեղարուեստական յայտագիրով, որուն աւարտին Գեղամ եպիսկոպոս աշակերտութեան սրտի խօսք փոխանցեց՝ յատկապէս շեշտելով, որ բախտաւոր եւ ուրախ զգան հայկական վարժարան յաճախելով ու մանաւանդ հպարտ զգան իրենց հայկական պատկանելիութեամբ։
Նոյն օրը կէսօրին Գեղամ եպիսկոպոս այցելեց Աւստրալիոյ խորհրդարանի շէնքը, ուր Սիտնիի խորհրդարանի որոշումով զետեղուած է հայկական խաչքարը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, եւ կէսօրուան ճաշի հիւրը եղաւ պետական երեսփոխան Կլատիս Պէրէճիքլեանի։