ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Պլումպըրկ».- Եւրոպական միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին մասնակցելու համար Պրիւքսէլ ժամանած Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուրսուլա Փլասնիք Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 13ին յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ եւ Եւրոպական միութեան միջեւ բանակցութիւնները պէտք է առնուազն ժամանակաւորապէս դադրին, եթէ Թուրքիա մինչեւ Դեկտեմբեր իր պարտաւորութիւնները չկատարէ:
Փլասնիք կ’ակնարկէր Դեկտեմբեր 14-15ին կայանալիք Եւրոպական միութեան գերաստիճանին, որմէ առաջ Թուրքիա պէտք է իր օդակայաններն ու նաւահանգիստները Կիպրոսի առջեւ բանալու որոշում մը տայ: