ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ափրիկեան ժանտախտը կը շարունակէ տարածուիլ Հայաստանի մէջ: Վերջին օրերուն կասկածելի դէպքեր նկատուած են նաեւ Երեւանի Աջափնեակ համայնքին մէջ: Մինչեւ այսօր յայտնաբերուած է վարակի 7 վայրեր՝ Տաւուշի եւ Լոռիի մէջ, ոչնչացուած է հիւանդ կամ կասկածելի հիւանդ 1700 խոզ, որոնք թաղուած են 3-5 մեթր խորութեամբ հողի տակ, տարածքը հականեխուած է յատուկ միջոցներով: Սակայն մասնագէտները կը հաստատեն, որ խուճապի մատնուելու կարիք չկայ, եւ իրավիճակը վերահսկելի է, իսկ վարակը մարդուն եւ բացի ընտանի եւ վայրի խոզերէն, այլ կենդանիներու չի սպառնար: Մանրէն կրնայ սնունդի հետ թափանցել մարդու մարմին, սակայն առողջական խնդիրներ չի յարուցեր:
Սեպտեմբեր 5ին լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան սնունդի անվտանգութեան եւ անասնաբուժական պետական տեսչութեան պետ Գրիշա Բաղիեան եւ համալսարանի համաճարակաբանութեան ամպիոնի վարիչ Լեւոն Գրիգորեան յայտնեցին, որ կը գործադրուի լուրջ վերահսկողութիւն՝ վարակի տարածումը ամէն ձեւով կանխելու համար:
Գիւղատնտեսութեան նախարարութեան մասնագէտներուն կողմէ կառավարութեան ներկայացուած է արտակարգ իրավիճակի վերահսկման ծրագիր: Այս ծրագիրով յառաջիկային պիտի արծարծուի նաեւ ափրիկեան ժանտախտէն վնասներ կրողներուն հատուցում տալու հարցը: