ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հոկտեմբեր 2ի ուշ երեկոյեան Սթրազպուրկի մէջ ձայներու մեծամասնութեամբ Հայաստանէն մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարանի դատաւոր վերընտրուեցաւ Ալվինա Գիւլումեանը:
Յայտնենք, որ բացի Ա. Գիւլումեանէն, Հայաստանէն Եւրոդատարանի դատաւորի թեկնածուներ էին նաեւ Հայաստանի արդարադատութեան փոխնախարար, նոյն դատարանին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Գէորգ Կոստանեանը եւ Հայաստանի գլխաւոր դատախազութեան միջազգային իրաւական բաժինի վարիչ Նելլի Յարութիւնեանը:
Տիկ. Ալվինա Գիւլումեան առաջին անգամ Եւրոպական դատարանի դատաւոր ընտրուած է 2003ին: Ան Հայաստանի առաջին ներկայացուցիչն է այդ հեղինակաւոր մարմինին մէջ: