ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Նոյեան Տապան».- Միացեալ Նահանգներու մէջ ԼՂՀ նախագահ Արկատի Ղուկասեանի եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Մէթիու Պրայզայի Նոյեմբեր 24ի հանդիպման ընթացքին, մտքեր փոխանակուեցան ղարաբաղեան հակամարտութեան բանակցային գործընթացի այժմեան վիճակի եւ հեռանկարներու վերաբերեալ:
Այս մասին յայտնեցին ԼՂՀ նախագահի գրասենեակէն եւ նշեցին, որ կառուցողական մթնոլորտի մէջ կայացած զրոյցի ընթացքին ընդգծուած է հակամարտութեան կողմերուն միջեւ ծագող խնդիրները բանակցային սեղանի շուրջ կարգաւորելու անհրաժեշտութիւնը: