ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 2007ի վերջերուն պիտի սկսին աշխարհահռչակ բեմադրիչ Արտաւազդ Փելէշեանի «Homo Sapiens» շարժանկարի նկարահանման աշխատանքները: Այս մասին յայտնեց մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Յասմիկ Պօղոսեան:
Ըստ նախարար Պօղոսեանի, լուծուած է նաեւ շարժանկարի ֆինանսաւորման հարցը. նախկին նախարար Գէորգ Գէորգեան խոստացած էր, որ մէկ նկարահանման համար տարեկան 250 հազար տոլար պիտի յատկացուի «Հայֆիլմ»ին յատկացուող տարեկան գումարներէն: