
Արցախի շրջափակման 53րդ օրն է արդէն, եւ ամէն իմաստով կացութիւնը կը վատթարանայ ու կը ծանրանայ։ Արցախը Հայաստանին եւ աշխարհին կապող միակ ճամբուն՝ Լաչինի միջանցքի բացման վերաբերող տարբեր կողմերէ հնչող կոչերը եւ յորդորները կը շարունակեն մնալ խօսքի սահմաններուն մէջ, չեն վերածուիր գործի, եւ արցախցին կը շարունակէ գոյատեւել օրէ օր սրող ընկերային եւ տնտեսական այնպիսի պայմաններու մէջ, որոնք մարդասիրական ճգնաժամի դրսեւորումներ են:
Ներքին իմաստով, կացութիւնը որոշ չափով հակակշիռի տակ պահելու եւ չարաշահումներուն առաջքը առնելու նպատակով, կառավարութիւնը կտրօններ բաժնեց քաղաքացիներուն՝ ճշդելով իւրաքանչիւր ընտանիքի բաժինը, անդամներու թիւին համաձայն: Սակայն, արցախցիներ »Ազատութեան« հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեցին, որ կտօրնները կան, սակայն շատեր դրամ չունին գնում ընելու:
«Մարդ կայ, ես գիտեմ, որ ինքը 8 երեխայ ունի, բայց կտրօնները բռի մէջ են, չի գնացել գնի ոչ մի բան, փող չունի», ըսաւ անոնցմէ մէկը:
Վերջին օրերուն, Արցախի խանութներուն մէջ սկսան երեւիլ ստեպղին, մանտարին եւ նրբերշիկ: «Նրբերշիկ ու կոնֆետ էին ստացել, ես դեռ էդքան մեծ, երկար հերթ չէի տեսել էս շրջափակման օրերին, որովհետեւ վաղուց չկային դրանք, էդ նոյն օրն էլ վերջացան», «Ազատութեան» պատմեց ստեփանակերտցի Մարիամ Անդրէասեան:
Ըստ անոր՝ ճնշող են այդ հերթերը, յատկապէս, երբ սպասուած մթերքը բոլորին չի հասնիր։ «Ով համբերութիւն ունի, ով ամբողջ աշխատանքը թողած գնում հերթ է կանգնում, կարողանում է ինչ-որ բան տանել իր տուն», ըսաւ ան:
Մինչեւ շրջափակումը ամէն օր Արցախ շուրջ 1000 բեռնատարներ կը մտնէին, միջանցքի փակումէն 53 օրեր ետք, ընդամէնը քանի մը հարիւր ինքնաշարժներ ու բեռնատարներ անցած են Լաչինի միջանցքով:
Արցախի պետական նախարարը տարբեր խորհրդակցութիւններու ընթացքին նշեց, որ չնչին ուտելիք եւ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներ կը մատակարարուին Կարմիր Խաչի եւ ռուս խաղաղապահներուն կողմէ:
Արցախցիները կանգնած են նաեւ գիներու բարձրացման դժուարութեան դիմաց: Լուացքի փոշիի մէկ քիլոկրամը հազար դրամ էր, հիմա կը հասնի 1800ի: Տակաւին կը յամենայ ելեկտրականութեան անջատումներուն պատճառով ստեղծուած յատկապէս ջեռուցումի հարցը, զոր արցախցիները կը փորձեն լուծել փայտի օգտագործման դիմելով:
Այս բոլորին զուգահեռ, կեանքը կը շարունակուի Արցախի մէջ. արդարեւ, Արցախի շրջափակման 53 օրերուն ընթացքին 192 մանուկ ծնած է:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն յայտնեցին, որ 2 Փետրուարին, Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի զինուորներուն ընկերակցութեամբ մարդասիրական բեռ հասած է Արցախ: Խաղաղապահները Գորիս-Ստեփանակերտ երթուղիով ընկերակցած են բեռնատարներուն՝ մինչեւ Արցախ:
Կը նշուի նաեւ, որ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութիւնը կը շարունակէ բանակցութիւնները ատրպէյճանական եւ հայկական կողմերուն հետ՝ Ստեփանակերտ-Գորիս ճամբով ինքնաշարժներու անխոչընդոտ երթեւեկը վերականգնելու ուղղութեամբ: