ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Արդարադատութեան նախարարութեան քրէակատարողական (բանտ) վարչութեան նախկին պետ Սամուէլ Յովհաննիսեանին դէմ մեղադրանք առաջադրուած է քրէական օրէնքի 131 յօդուածի 3րդ մասի առաջին կէտով՝ մարդու առեւանգում, կազմակերպուած խումբի կողմէ:
Թղթածրարը կը քննուի գլխաւոր դատախազութեան քննչական վարչութեան կողմէ: Նախաքննութեան շահերը նկատի ունենալով, առայժմ գործի այլ մանրամասնութիւններ չեն հրապարակուիր: