Երկու շաբաթներու համրանքով, շուրջ չորս տասնամեակներ հեռու մնալէ ետք, առաջին առիթով կ’այցելեմ Հալէպ:
Այսպէս, Յուլիսի վերջերուն օր մը, առաւօտ կանուխ կը հասնիմ երանելի ծննդավայրս: Ես ու կինս արիւն-քրտինք մտած դուրս կու գանք օդակայանէն: Մեզ կը դիմաւորեն պատանեկութեան տարիներու մտերիմ ընկերս՝ Տիգրանը, իր կողակիցը՝ Սօնան եւ հաւատաւոր ընկերներէս՝ Վահէն:
Սրտի տրոփումներուն հետ, անոնց աչքերուն փոխանցիկ խոնաւութիւնը կը զգամ:
Կը համբուրուինք, կը յուզուինք, երկար: Բարձրաձայն ու իրարու անհասկնալի բառերով կը խօսինք: Միայն Աստուած գիտէ, թէ այդ վայրկեանին իրարու ինչե՜ր կ’ըսէինք:
Հալէպ հրաւիրուած եմ «Համազգային»ի մեծ ընտանքին կողմէ, երրորդ գիրքիս՝ «Գրադարանս» հատորին նուիրուած գինեձօնին ներկայ գտնուելու:
Եկած եմ սիրով ու կարօտով խառնուած որդիական, եղբայրական եւ ազգականական ջերմութիւնս ցոյց տալու ու զայն առատօրէն բոլորին բաշխելու:
Փոքր թաքսիի մը մէջ գրեթէ ճզմուած կը թխմուինք: Մինչ ես ինքնաշարժին պատուհանէն չտեսի մը նման կը փորձեմ մեր ետեւ մնացող շէնքերն ու փակ խանութները դիտել եւ ցուցատախտակները կարդալ, մեզ հիւրընկալող ընկերս՝ Տիգրանը, իր անմեղ հարցումներով կ’աշխատի ողողել ուղեղս:
– Յիշեցի՞ր. հոս ի՞նչ կար, նայէ՛, հո՛ս, ա՛յս շէնքը. ա՛յս տունը, ա՛յս թաղը, ա՛յս պատը…:
Ուղղակի քննութիւն:
Չեմ յիշեր: Ոչ փողոց եւ ոչ ալ շէնք: Երեւակայութիւնս վկայութեան բերելու գերագոյն ուժս իսկ անիմաստ էր:
Այդ վայրկեանին բան չէի կրնար յիշել:
– Ո՛չ… չեմ յիշեր,- կ’ըսեմ արագ մը:
Ինչպէ՞ս կարելի է յիշել, երբ իմ մեկնումէս ետք, տարուէ տարի ամբողջ քաղաքը նոր դէմք ստացած էր ու հագած էր նաեւ իր նոր ու ինծի համար տարբեր վերակու մը:
Անկարելի բան էր:
Մարդ մարգարէ ըլլալու էր ճշգրիտ պատասխանելու համար:
Մինչեւ Տիգրանենց տունը հասնիլս, խեղճ ընկերս ի զուր փորձեց բացատրել, պարզել ու հեւքոտ ներկայացնել ինծի ծանօթ այն փողոցները, որոնցմէ զանազան առիթներով ու պատրուակներով միշտ անցած էինք ասկէ շուրջ չորս տասնամեակներ առաջ ու մեր միամիտ ու չարաճիճի յուշերը անհոգ նետած անոնց մայթերուն վրայ:
Ուրկէ՜ ուր եւ ինչպէ՞ս…:
Մարմնիս հետ ուղեղս ալ ուժասպառ եղած էր:
Գրեթէ լման օր մը անցուցանք էինք օդակայաններու եւ օդանաւներու մէջ, վերջապէս հասնելու համար երազած քաղաքս:
ԱՌԱՉԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Երեկոյեան Տիգրանն ու Սօնան իրենց տան մէջ, ի պատիւ մեզի, ինծի ծանօթ բոլոր տղաքը, միութենականներ, աշակերտներ, դրացիներ, բարեկամներ, ազգականներ, մէկ խօսքով, աւելի քան երեսուն հարազատներ հրաւիրած էին արդէն:
Բոլորս կը խօսինք միաժամանակ, ձեռքով ու ոտքով, երկար ու աղմկոտ: Կը խնդանք, կը խմենք, անհատնում կը պատմենք: Կը յիշենք ու կը վերյիշենք:
Կը յուզուինք ու կը յուզենք: Կը նկարուինք, կը խմենք ու կը խմենք: Իւրաքանչիւրս իր մտքին անկիւնէն վերցուցած գեղեցիկ յուշ մը կը պատմէ: Ինծի համար մոռցուած պատկերներ յանկարծ ուրախութեամբ կը պարզուէին, կը բացայայտնուէին անկեղծօրէն եւ հարազատ:
Դէպքեր, դրուագներ, պատահարներ արդէն սկսած են անկանոն իրենց տողանցումին:
Դպրոց, դասարան, դրացի, ակումբ, պարտէզ իրարու ետեւ ծնունդ կու տան անհատնում պատմումներու, որոնք մեզի նոր կենացներու կ’առաջնորդեն:
Աներեւակայելի ուրախութիւն:
Արշակ թագաւորին կը նմանէի: Տիրող ներկայութիւն մը, եթէ կ’ուզէք, որ տարիներ ետք սեփական իր հողին վրայ կը քալէր հաստատապէս:
Կը զգայի այդ մէկը, արցունքախառն քրտինքիս հետ:
Վերջապէս այս բոլորը՝ մօտիկ ու հեռաւոր անցեալս վերակենդանացնելու անմեղ եւ գեղեցիկ ճիգեր էին, կ’ըսէի մտովի, որուն համար անսահման, երկնքի չափ երախտապարտ եմ:
ԾՆՆԴԱՎԱՅՐՍ՝ ՀԱԼԷՊ
Առաջին գիշերը լուսցուցած եմ արդէն, համրելով բաց երկնքի աստղերը:
Յաջորդ օրը, առաւօտ կանուխ փողոց իջած եմ ու կը քալեմ:
Գիտեմ, որ քաղաք մը ճանչնալու միակ միջոցը քալելն է, անոր համար ոտքով կ’իջնեմ շուկայ:
Կը զգամ, որ հոս ալ արագութիւնը կորսնցուցած է ամէն հնաւորութիւն:
Տաք, հեղձուցիչ եւ անընդունելի ու անախորժ ու յատկապէս Հալէպին չվայելող կլիմայ մը: Ժամանակին Հալէպի ցերեկի տաքն ու գիշերուան զով օդը իրենց առանձնայատուկ տեղն ու գրաւչութիւնը ունէին մարդոց մտքերուն մէջ:
Սակայն իմ այցելութեանս բոլոր շրջանին, այս վերջինին բացակայութիւնը զիս յուսախաբ ըրաւ:
Հակառակ այս իրողութեան, ինծի համար սակայն օդին մէջ ուրիշ բան մը կար, անբացատրելի ու հետաքրքրական, որ ամէն քայլափոխիս յուշերս կ’արթնցնէր: Հիներն ու նորերը:
Կը քալեմ անծանօթի մը նման: Արթուն գինով մը եթէ կ’ուզէք, որ մեծագոյն ճիգով ու ապշահար նայուածքով կը փորձէ շիտակ քալել: Կը զգամ, որ վրաս բան մը կ’իշխէ:
Անկարելի է խուսափիլ անկէ: Նոյն այդ բանը գիտակցութեանս մէջ է: Ամէն վայրկեան հրաշք մը կրնայ պատահիլ, կ’ըսեմ, յուզուած ու քրտինքոտ:
Ու այդ պատահելիք հրաշքն է, որ զիս կը լեցնէ գինովութեամբ:
Վերջապէս կ’ըսեմ.
– Ողջոյն սիրելի ծննդավայր՝ Հալէպ, անցեալի ու ներկայի հայութեան միջնաբերդ, դուն ինծի պէս շատերուն համար թէ՛ երազային, թէ՛ դրախտային եւ թէ՛ անկրկնելի Հալէպն ես ու կը մնաս: – Ողջոյն քեզ ու հազար ողջոյն:
Կեանքիս նոր աւիշ ապահովելու համար կ’աշխատիմ ամէն քայլափոխիս հոգիս սանկ տարբեր բանով մը լեցնել:
Ու յաջողած եմ:
Հիմա մանուկի մը յափշտակութիւնը կայ նայուածքներուս մէջ ու անօրինակ թարմութիւն մը դէմքիս վրայ, որ միաժամանակ հանդարտութիւնս կը խռովէ ինքնաբերաբար:
Կը փորձեմ ու այս մէկը յամառօրէն՝ վերյիշել ամէն քար, փողոց, թաղ, խանութ, պարտէզ, ապարանք եւ յատկապէս դէմք:
ՄԵՐ ՏՈՒՆԸ
Առաջին հերթին մեր բնակած տունը կ’ուզեմ երթալ, տեսնել, այցելել: Ներքին անժամանցելի մղում մը զիս դէպի հոն, այդ կախարդական տունը կ’առաջնորդէ:
Ես, կինս, Սօնան ու Տիգրանը, չորսով ճամբայ կ’իյնանք:
Նախ կ’այցելեմ մեր թաղը. հանրայայտ ֆուլճի Ապտոյին խանութին կից այդ նեղ, բարձր ու հաստ պատերով, հին եւ քարաշէն տուներով եզերուող թաղը, որուն ներսը, մէկ խորը մեր բնակած մեծ բակը կար:
Չտեսի նման կը մտնեմ նախապէս եօթը դրացիներով խճողուած այդ բակը, ուր մանկական եւ պատանեկան տարիներու յիշատակները տակաւին կը ցատկռտեն քարերուն վրայէն:
Արդէն աւերակ դարձած է, ամայի է ու գրէթէ անմարդաբնակ: Միայն մէկ ընտանիք կ’ապրի հոն: Հարցում եւ անոր յաջորդող անհատնում հարցումներ:
Բակին միակ բնակիչը բարի կը յիշէ հայրս՝ ապու Տաուտը:
Յուզուած եմ ու ընկճուած: Կը կարծեմ, որ պիտի փլիմ:
Մարդ արարածը այսպէս է, ծածկամիտ ու պահպանողական: Չի սիրեր, որ խռովեն իր ներքին կեանքը եւ լուսաւորեն անոր մութ անկիւնները:
Անկասկած, որ այդ վայրկեանին յուշերուս ծանրութեան տակ կքած հայ մըն էի, որ Ամերիկայէն հեւքով հասած էր հո՛ս, իր մտածումներուն, ուրախութիւններուն եւ ափսոսանքներուն անձնատուր ըլլալու պատրաստուած:
Խոնաւ աչքերով կը դիտեմ մեր սենեակը, հոն, ուր ծնողքիս հետ երեք եղբայրներով մեր կեանքի անուշ օրերը ապրած էինք:
Փակուած, փոշոտած ու կիսափուլ պատուհաններէն կը տեսնեմ ծնողներուս ոգիները, որոնք տակաւին կ’ապրին այդ պատերէն ներս, ու անոնց լուռ ձայները կը լսեմ:
Աներեւոյթ կերպարներով կը յայտնուին դրացիներս, մէկ առ մէկ: Կը սոսկամ: Կ’ուզեմ անմիջապէս առանձնանալ ու խօսիլ իւրաքանչիւրին հետ անջատաբար:
Մարդիկ, որոնց հետ տարիներով թացն ու չորը, լեղին ու քաղցրը կիսած էինք, հիմա որ չկան, անոնց աներեւոյթ դէմքերը կը տեսնեմ, անոնց շուքերուն տողանցումը կ’երեւակայեմ ու ձայներուն արձագանգը ինքնաբերաբար կը լեցնէ ականջս, «էսկիճի» ընկեր Սիմոնէն մինչեւ պրն. Յարութիւնը, Հաճի խաթունէն մինչեւ տիկ. Շամիրամն ու Եղիսաբէթը, Սիլվան ու Մկոն եւ մանաւանդ մեր պզտիկ Գէորգը, որ ուրիշներուն «Կանան» անունով քաջածանօթ էր:
Բակի կոկիկ աւազանը կորսնցուցած է արդէն իր հմայքը: Չկան իր վրայ իրենց խիտ շուքով հպարտացող պտղատու ծառերը:
Կը փնտռեմ մեր «սահրինճը», ամրան յատուկ պաղ ջուրի մեր այդ գետնայարկ շտեմարանը, որ մեր մութ ու խորունկ մառանին մէջ, սիմէնթով պատուած մեծ փոս մըն էր եւ ուր յատուկ խողովակներով կ’ամբարէինք մեր սենեակներու տանիքներէն դէպի վար՝ բակ հոսող աշնանային եւ կամ ձմեռնային անձրեւներու ջուրերը:
Չկար: Փակած էին այդ նշանաւոր ձեռակերտ սառնաման-ջրամանը, որ ամբողջ մեր թաղին մէջ հանրայայտ դարձած էր:
Անզգալաբար բակը կը շրջիմ:
Կը յիշեմ, թէ ինչպէս մայրս, երբ ես ու փոքր եղբայրս ամբողջ շաբթուան ընթացքին «խելօք ըլլայինք», իբրեւ նուէր, մեզի քանի մը ղրուշով կը վարձատրէր ու մենք ալ այդ գումարով իր իսկ արտօնութեամբ հեծիկ կը վարձէինք ու զայն բակ բերելով մէկ-երկու ժամ կը դառնայինք բակի փոքր աւազանին շուրջը, դրացի Արփինէին հետ ու անոր ընկերակցութեամբ եւ հսկողութեամբ:
Դրացի:
Մարդ իսկապէս ինքզինք հարուստ կը զգայ, երբ նման դրացիներով իր տարիները հիւսած է:
Հապա միւս դրացիները… հապա Նուարդը, այդ կարմիր երեսով, սպիտակ մորթով, հայուհիի յատուկ սեւ աչքերով աղջիկը, որ զիս տարիներ հրապուրած էր ու նոյնիսկ պատանութեանս համակրանքը խլած…:
Է՜հ, երնէկ այն օրերուն:
Երթանք… կ’ըսեմ: Հետեւորդներս կը հնազանդին:
Երջանիկ եմ:
Կը զգամ այդ մէկը, երբեմն թաց աչքերով:
Անմիջապէս նոյն թաղին մէջ կ’այցելեմ Կարոյին ու Վարդուկին, մեր հին թաղի բաժնեկից այդ դրացիններուս:
Հոս ալ դրացնութեան քաղցր յիշատակները կը բաժնենք, երբեմն տխուր ու յաճախ ալ կատակներով: Այսպէս, այս անգամ այս մտերիմներուս հետ ունեցած խօսակցութիւնս առանձին, նոր եւ իւրայատուկ գոյն մը կու տայ ժամերուս:
Երանելի ու նոյնքան ալ խռովալի:
Յուշերս իրենց բնորոշ յստակութեամբ ետ կը բերեն պրն. Արծիւեանն ու իր բազմանդամ ընտանիքի անդամները, տիկին Ազնիւին հիւրասիրութենէն մինչեւ Կարոն, Աբոն, Մանուկը, Ծովիկն ու Տալոն:
Կը խմեմ աւանդական սուրճը, միաժամանակ խօսելով հիմնական վերնագիր ունեցող պատահարներու եւ դէպքերու մասին:
Կարօտ, երազ ու խոհ իրենց վարակիչ գրաւչութեամբ զիս համակած են արդէն: Կինս կը զգայ այդ մէկը ու կը փորձէ տարբեր տրամադրութիւն ստեղծել:
Հալէպի աւանդական դրացնութիւնը անգտանելի է, անոր կարօտովը կ’ապրինք մենք բոլորս, իրմէ հեռացողներս, իրմէ հազարաւոր մղոններ հեռու, օտար երկինքներու տակ:
Յարգանք, գնահատանք ու անկեղծ սէր. ահա արագօրէն զիրար յաջորդելով կը բացայայտուին ինքնածին կերպով:
Կ’ուզեմ անոնցմով առաջնորդուիլ:
Հապա այդ նեղ, իրարու մէջ հիւսուած թաղերը, որոնք նախակրթարանի աշակերտ օրերուս ամրան խաղավայրս դարձած էին:
Քանի՜, քանի՜ անգամներ ծակած ու պատռուած լաստիկէ գունդով ֆութպոլ խաղցած ժամանակ ինկած ու վիրաւորուած, քրտնած ու ուժասպառ եղած էինք:
Կրկին անգամ, երնէ՜կ այդ օրերուն…: