Ամէն անգամ, երբ բարձրանայինք Րաֆֆի Պէրպէրեանենց բնակարանի աստիճաններէն վեր ու տիկինս ձեռքը երկարէր դրան զանգը հնչեցնելու, քանի մը ակնթարթ ակնարկս կը սեւեռէի դրան ձախ կողմը բացուող պատուհանէն ներս, որուն վարագոյրը ընդհանրապէս բաց կամ կիսաբաց ձգուած կ՚ըլլար։ Սենեակին ձախ կողմը, իր սովորական տեղը նստած պիտի ըլլար, ոտքերը երկարած՝ նստարանին, ակնոցը՝ քթին, ընկղմած՝ գիրքի մը կամ թերթի մը ընթերցումին մէջ։ Զանգին ձայնը ինք չէր առներ, այլ տիկին Գեղանոյշը։ Սենեակ մեր մուտքէն ետք նոր կ՚անդրադառնար, թէ ընթերցումը խանգարողներ եկած էին, ակնոցին վրայէն աչքերը քթթելով պիտի նայէր նորեկներուս կողմը ու, չես գիտեր ո՞ր աշխարհէն սենեակը վերադառնալով, բարի ժպիտ մը պիտի տարածէր աչքերէն մինչեւ այտերն ու շուրթները, մինչեւ հոգիին խորը…։ Յաղթ հասակը շարժման մէջ պիտի դնէր, պիտի գիրկընդխառնուէր այնպէս՝ ինչպէս հոգեհարազատ բարեկամներ կը վերաբերին իրարու հետ։
Վստահաբար բացառութիւններ չէինք հայրական նման դիմաւորումի արժանացող, որովհետեւ Րաֆֆի Պէրպէրեանի բարութիւնն ու լայնասրտութիւնը անպարագիծ էին։ Պիտի նստէինք դէմ դիմաց, պաշարուած՝ հատընտիր գիրքերով ծանրաբեռնուած իր դարաններուն պարիսպներով. ժամերը պիտի սահէին շատ արագ, նախ քիչ մը պիտի խօսէինք առօրեայէն, յետոյ խօսակցութիւնը պիտի տարածուէր դէպի անցեալը, մինչեւ իր մանկութեան օրերը, պիտի պատմէր յուշեր, յուշեր յուշե՜ր, որոնք ամենայն հարազատութեամբ ու մանրամասնութեամբ դրոշմուած էին իր միտքի պաստառին վրայ. պաստառ մը, որ մինչեւ իր վերջին հրաժեշտէն կարճ ատեն մը առաջ մնաց պայծառ ու վարակիչ։
Պիտի պատմէր, որ աշխարհ եկած էր մեր նորագոյն պատմութեան մէջ մութ տողերով արձանագրուած տարի մը, Արաբկիրի մօտակայ Ծագ գիւղին մէջ։ Աչքերուն մէջ պիտի տեսնէիր անդոհանք ու յուզում, երբ պատմէր, թէ իր կեանքի ճամբորդութիւնը կրնար կարճ, շա՛տ կարճ եղած ըլլալ, որովհետեւ մայրը պատմած էր իրեն, թէ բռնագաղթի օրերուն, երբ զինք գիրկին՝ հասած էին Եփրատի ափին, հոն՝ ուր մահ ու սով կը տիրէր, քանի մը անգամ մատնուած էր փորձութեան՝ մանուկ Րաֆֆին գետը նետելու ու զայն փրկելու դառնաղէտ կացութենէն, սակայն մետասաներորդ պահուն մայրական զգացումը յաղթանակած էր, ու… Րաֆֆի Պէրպէրեանի ճամբորդութիւնը շարունակուած էր 93 տարի եւս, իբրեւ ընտանիքէն միակ վերապրողը։ Եւ կողքի դարակէն «Մէկ մարդ, չորս աշխարհ» խորագրեալ յուշերու տետրակը դուրս բերելով, մարգարտաշար ձեռագիրին էջերէն մէկ քանին պիտի դնէր դիմացս, որպէսզի կարդայի յաւելեալ մանրամասնութիւններ, թէ ինչպէս բառնագաղթի օրերուն ցեղասպանութեան զոհ տուած էր ընտանիքին ու հարազատներուն մեծ մասը, թէ ինչպէս 24 տարեկանին այրիացած մօրը հետ բախտով վերապրած էին ու վերադարձած ծննդավայր գիւղը, ուր քանի մը տարի տանջալից կեանք մը բոլորելէ ու անճար մնալէ ետք, ի վերջոյ պիտի լքէին կիսափուլ բայց դրախտային բնակարանը, եւ գիւղի Ոսկեգետակին ու բնութեան այլ յիշատակները իրենց հետ առնելով՝ արկածալից ճամբորդութենէ մը ետք պիտի հասնէին Հալէպ։
Յետո՞յ…։ Պիտի գային որբութեան ու այլ դառնութիւններով բեռնաւոր օրերն ու տարիները։ Պիտի կերտուէր պատմութիւն մը, որ յար եւ նման է բազմաթիւ ճակատագրակիցներու կենսագրութեան, անոնց՝ որոնք մանկութիւն չունեցան եւ սակայն իրենց ճիգերը լարեցին հացի եւ լոյսի համար, որբութեան դէմ յաղթանակելով տուն շինեցին, տանելի կեանքի պայմաններ ստեղծեցին, ընտանիք կազմեցին, իրենց կողակիցներուն հետ զաւակներ աշխարհ բերին, հպարտացան անոնց հասակին ու վաստակին աճով ու գործքով յայտարարեցին, թէ Թուրքիոյ ցեղասպանական դաւը ձախողած է։
Ճակատագրակիցներու համանման պատմութիւններուն կողքին, Րաֆֆի Պէրպէրեանի կեանքի ուղին բնականաբար կերտած է իր ուրոյն գիծերը, որոնք մարդ արարածները կը զատորոշեն իրարմէ ու անոր համար ալ մարդիկ կ՚ունենան յատուկ անուն։
Որբանոցէն «շրջանաւարտ» ըլլալէ ետք, ամբողջացուցած է նախակրթարանի ուսումը, հակառակ նիւթական ու այլ խոչընդոտներու։ Յուզիչ ու հոգեխռով է իր յուշերուն այն մասը, ուր կը պատմէ, թէ նախակրթարանի վերջին դասարանէն զրկուած ըլլալու վախը սրտին, օր մը անձամբ դիմած է բարեսիրտ բարերարի մը ու շահած է իր «դատը»։ Գիրին ու գիրքին հանդէպ մանկութենէն իր մէջ արմատաւորուած սէրը զինք մղած է գրաշարութեան, ապա նաեւ ուսուցչութեան։ Ապրուստի համար այլ ասպարէզներու դիմելէ ետք ալ, գիրքերու աշխարհին փարած մնացած է, դառնալով գրադարանապետ ու գրադարաններու կերտիչ, նախ՝ Հալէպի, ապա նաեւ Պէյրութի մէջ։ Քանի՜ քանի պատանիներ ու երիտասարդներ )անոնց կարգին նաեւ մտաւորականներ ու մեր ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ ծառայողներ( տարիներ ետք երանութեամբ պատմած են, թէ Րաֆֆի Պէրպէրեանին կը պարտին գիրք կարդալու, անյագ ընթերցող դառնալու իրենց նկարագիրը։
Պատանութեան ու կանուխ երիտասարդութեան տարիներէն սկսեալ, ան ալ հոգեկան սնունդ ու բաւարարութիւն փնտռած է Դաշնակցութեան ակումբին մէջ, հայ ժողովուրդի կամքն ու դատը մարմնաւորող կուսակցութեան՝ որուն նուիրեալ ու գործունեայ մէկ զինուորը մնաց այնքան ատեն, որքան ներեց առողջութիւնը։
Յուղարկաւոր ընկերներն ու բարեկամները տեսան, թէ իբրեւ դաշնակցականի վարձատրութիւն այդ բոլորին, իր դագաղը ծածկուած էր Դաշնակցութեան դրօշակով…
50ական տարիներու սկիզբը, երբ կազմած է ընտանեկան սեփական բոյնը, ապրուստի ու նոր հոգերու հարկադրանքը զինք չէ հեռացուցած հաւաքական կեանքի ծառայութենէ։ Ընդհակառակն, ան իր քրտինքն ու նախաձեռնութիւնները հաւասարաբար բաժնած է ընտանիքին ու մշակոյթի-գիրքի աշխարհին։ Եղած է «Համազգային»ի Էշրեֆիէի մասնաճիւղի հիմնադիրներէն, Աբրահամեան ամոլին հետ գործակցաբար հիմնած է «Քնար» երգի ու պարի խումբը ու տարիներ շարունակ ծառայած է որակաւոր արուեստի տարածման։ Եղած է թերթի ու գիրքի անվհատ տարածիչ, ու այս բոլորը կատարած է լռիկ-մնջիկ։
Մեր )վստահաբար ուրիշներու հետ ալ( խօսակցութեան պահուն, դարակներէ անպայման դուրս պիտի գային նաեւ ձեռագիրներ, մանկութեան ու պատանութեան օրերուն սկիզբ առած հաւաքածոներ, որոնք տարուէ տարի ուռճանալով, կազմած էին ստուար «հատորներ»։ Որբանոցի ու նախակրթարանի օրերուն, գիրք ու գրականութիւն գնելու դրամ չէ ունեցած. գիրք ունենալու կիրքը զինք մղած է գիրքերէն ընդօրինակութիւններ ընելով հաւաքածոներ կազմելու։ Ընդօրինակած է հազարաւոր էջեր։ Հաւաքած է արձակ ու չափածոյ գրականութիւն, իմաստուն խօսքեր եւ մասամբ նորին։ Զինք հոգացող մօրը հանդէպ սէրն ու յարգանքը գործնական արտայայտութիւն գտած են մայրերու նուիրուած բազմահարիւր էջերու մէկ հատորի մէջ հրատարակութեամբ, 1978ին, «Մայրերգութիւն» խորագիրով )Անթիլիասի կաթողիկոսութեան հրատարակչատունէն, երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. կաթողիկոսի հոգածութեամբ(։ Յետոյ, տարիներ շարունակ միջոցներ որոնած է լոյս ընծայելու ընդօրինակած միւս հաւաքածոները. անկարելի էր անհաղորդ մնալ իր անձկութեան, երբ «այս հաւաքածոներս պիտի կորսուին»ով կ՚արտայայտէր իր յուզմունքը։ Գիտէր, որ հեղինակային գործերը կրնային աւելի բախտաւոր ըլլալ, իրը միայն այլ գրողներու գործերէն ընդօրինակուած հաւաքածոներ էին…։ Սակայն բարեբախտաբար վերջին տարիներուն մխիթարանք գտաւ ու իր բարի ժպիտը աւելի լայնցաւ, երբ յաջորդաբար լոյս տեսան երկու հաւաքածներ, առաջինը՝ «Գիրք իմաստութեան» խորագիրով, հայ թէ օտար անուանի ու անանուն իմաստուններու մտածումներէն ու խոհերէն հաւաքածոյ մը, իսկ երկրորդը՝ «Հայոց գանձ լեզուն» խորագիրով, արձակ ու չափածոյ գրութիւններու հաւաքածոյ մը, որ ինքնին փառաբանանքն է Հայ լեզուին ու Հայ մշակոյթին, մեր գիրերու ստեղծիչին ու անոր բացած անդաստանները մշակողներուն, հատոր մը, որ այսօր յատուկ կարեւորութիւն կը ստանայ, երբ 2007 տարին հռչակուած Հայ լեզուի տարի )վերջին երկու գիրքերը լոյս տեսան «Հայ գիր» հրատարակչատունէն, շնորհիւ մեկենասներու(։ Նոր զաւակներու ծնունդը կը տօնէր կարծէք։ Անկատար մնաց յուշերու վերոյիշեալ տետրակը հրատարակուած տեսնելու երազը…
… Երեքշաբթի, 21 Օգոստոսի երեկոյեան, երբ ընտանիքին ցաւակցելու համար դարձեալ բարձրացանք Պէրպէրեաններու բնակարանի աստիճաններէն վեր, դրան սեմին, ակնարկս մեքենաբար ուղղուեցաւ ձախ կողմի նստարանին։ Րաֆֆի Պէրպէրեանը հոն չէր։ Բնակարանը խճողուած էր ընտանիքին անդամներով, բարեկամներով ու ընկերներով, որոնք մեզի պէս ծանր սրտով հաւաքուած էին հոն։
Րաֆֆի Պէրպէրեանը հոն չէր մարմնապէս, սակայն անոր ներկայութիւնը զգալի էր ոգեղինացած կերպով։ Հոն էին գիրքերը, որոնք սիրած էր աչքին լոյսին պէս, մանաւանդ աչքերէն մէկուն «դաւաճանութենէն» ետք։ Սեղաններուն ու դարաններուն վրայ էին հին ու նոր թերթեր, որոնց հետ մտերմութիւնը պահած էր մինչեւ վերջին շունչը։
Հոն էին մանաւանդ իրմէ մնացող յիշատակները, որոնց մէկտեղումը ցոյց կու տայ, թէ 1914ին ծայր առած անոր կեանքի պատմութիւնը խորքին մէջ մարմնաւորումն է ամբողջ սերունդի մը կեանքի պատմութեան, պատմութիւն՝ որուն մէջ գիրքին ու ընթերցանութեան հանդէպ անզուգական սէրը կը զատորոշուի կարմիր թելի մը պէս, կ՚երկարի անոր իմացական կեանքի բոլոր օրերուն վրայ ու ժառանգ կը մնայ հարազատներուն ու բոլո՛ր սերունդներուն՝ հաւասարապէս, մա՛նաւանդ այսօր, երբ գիրքը, ընթերցումն ու հոգիի-միտքի աշխարհները նահանջի կը մատնուին ասելի ու անասելի ազդակներու բերումով։
Վերջապէս, զինք ճանչցողներուն հետ պիտի մնայ յիշատակը անոր անուշ ու չխամրող ժպիտին, որ իրմէ չբաժնուեցաւ մինչեւ անգամ յառաջացած տարիքին բերումով իր դիմագրաւած առողջական վերիվայրումներու օրերուն։ Այդ ժպիտը կը բխէր իրա՛ւ հայ ըլլալու փիլիսոփայութենէն, որ մնաց իր կեանքը կենսաւորող գլխաւոր գործօնը։