ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իտալիոյ արուեստի գործիչներու անկախ ընկերութիւնը եւ «Թոնինօ Կուէռա» հիմնադրամը, միջազգային շարժանկարի արուեստին մէջ իր ունեցած ներդրումին համար, բեմադրիչ Ռուբէն Գէորգեանցը արժանացուց Ֆետերիքօ Ֆելլինիի եւ Թոնինօ Կուէռայի անուան «Ամարքորտ» մրցանակին:
Պարգեւատրումը տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 15ին, Իտալիոյ Փենապիլի շարժանկարի գործիչներու քաղաքին մէջ, ուր եւ հայ բեմադրիչը ստացաւ իր պարգեւը Թոնինօ Կուէռայի կողմէ: