ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- 2006ի պետական ամավարկով նախատեսուած կրթական հաստատութիւններու շինարարական աշխատանքներուն ծանօթանալու եւ փախստական ընտանիքներուն բնակարաններու գնման վկայագիրներ յանձնելու նպատակով քաղաքաշինութեան նախարար Արամ Յարութիւնեան Հոկտեմբեր 6ին այցելեց Կոտայքի մարզ, ուր 41 ընտանիքներու յանձնեց բնակարաններու գնման վկայագիրներ (ԲԳՎ):
Նշենք, որ 2006ի Սեպտեմբեր 1էն քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը կ’իրականացնէ «ԲԳՎ-2006» ծրագիրը, որուն համար կառավարութեան որոշումով պետական ամավարկով նախատեսուած է տրամադրել 1 միլիառ 740 միլիոն դրամ: