ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յունուար 1էն սկսեալ ամսական մինչեւ 10 հազար խորանարդ մեթր կազ սպառողներուն համար սակագինը որոշուած է 84 հազար դրամ՝ գործող 90 հազար դրամի փոխարէն, իսկ ամսական 10 հազար խորանարդ մեթր եւ աւելի սպառողներուն համար կազի սակագինը իւրաքանչիւր հազար խորանարդ մեթրի համար 153.26 տոլարին համարժէք դրամ՝ գործող 146.51 տոլարի փոխարէն:
Հակառակ վերջիններու կազի գինի բարձրացման, հաշուի առնելով դրամ-տոլար փոխարժէքի տատանումները, դրամային առումով անոնք եւս իւրաքանչիւր 1000 խորանարդ մեթրի համար մօտաւորապէս 3000 դրամ նուազ կը վճարեն, քան նախապէս:
Յիշեցնենք, որ կառավարութեան որոշումով, մինչեւ 2008ի աւարտը մատակարարուող կազի իւրաքանչիւր 1000 խորանարդ մեթրի համար սահմանուած 84 հազար դրամէն 25 հազարի վճարումը պետութիւնը վերցուցած է իր վրայ: Այսինքն, բնակչութիւնը Յունուար 1էն սպառած իւրաքանչիւր 1 խորանարդ մեթր կազի համար պէտք է վճարէ 59 դրամ՝ նախկին 65 դրամի փոխարէն: