ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Այս տարուան Յունուար-Յուլիսին կառուցման նպատակով բնապահպանական փորձաքննութեան ներկայացուած է ջրելեքտրակայաններու 10 նախագիծ, Վայոց Ձորի, Տաւուշի, Սիւնիքի եւ Լոռիի մարզերուն մէջ: Անոնցմէ 2ի փորձաքննութիւնը կը շարունակուի, իսկ մնացեալներու պարագային արդէն դրական եզրակացութիւն տրուած է:
Ըստ բնապահպանութեան նախարարութեան պաշտօնատար Անդրանիկ Գէորգեանի, ջրային ելեքտրակայանները այլընտրանքային տարբերակ են հիւլէակայանի համար, բացի այդ, անոնք աւելի քիչ կ’ապականեն օդը: Ան նշեց, որ այս կայաններու կառուցման ժամանակ առաջադրուող պահանջները կը վերաբերին տուեալ գետի ջուրերը մաքուր պահելու եւ զանոնք սահմանուած քանակով օգտագործելուն:
Նշենք, որ 2007ի Յունուարի դրութեամբ Հայաստանի մէջ կը գործէ 52 փոքր ջրելեքտրակայան, եւ այժմ կը կառուցուին 53 փոքր ջրելեքտրակայաններ, որոնք աշխատանքի պիտի սկսին մինչեւ 2010: