ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ուքրանիոյ որոշ շրջաններու մէջ ռուսական ուժերու նահանջէն ետք, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Չորեքշաբթի օր յայտարարեց Ռուսիոյ մէջ մասնակի զօրահաւաք, «մեր հայրենիքի եւ անոր ամբողջականութեան պաշտպանութեան համար»։
Զինակոչի ենթակայ պիտի ըլլան միայն այն քաղաքացիները, որոնք պահեստի ուժերուն մէջ են եւ անցեալին ծառայած են զինուած ուժերու շարքերուն մէջ:
Ըստ Փութինի՝ մասնակի զօրահաւաքի դիմելու որոշումը «Ռուսիոյ, անոր ինքնիշխանութեան, հողային ամբողջականութեան պաշտպանութեան եւ ռուս ժողովուրդի ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար» է:
Ան նաեւ քննադատեց Արեւմուտքի բացայայտ հակառուսական քաղաքականութիւնը եւ երկիրը տկարացնելու ու նոյնիսկ ոչնչացնելու Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսէլի ձգտումը՝ ազդարարելով, որ Ռուսիա իր պաշտպանութեան համար պիտի օգտագործէ գոյութիւն ունեցող բոլոր միջոցները, որ նկատուեցաւ հիւլէական հրթիռներ գործածելու քօղարկուած սպառնալիք:
Այս յայտարարութենէն ետք, Մոսկուայի եւ շարք մը այլ քաղաքներու մէջ տեղի ունեցան զօրահաւաքին դէմ բողոքի ցոյցեր, որոնց ընթացքին առաւել քան հազար ցուցարարներ ձերբակալուեցան։
Աւելի կանուխ, խորհրդարանը ընդունած էր օրէնքի փոփոխութիւններ, որոնք օտարերկրացիներու քաղաքացիութիւն կը շնորհեն, եթէ անոնք ծառայեն ռուսական բանակին մէջ:
Խորհրդարանը նաեւ հաստատած էր դասալքութեան եւ կամաւոր գերի յանձնուելու պատիժներու խստացումը:
Ըստ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի՝ Ռուսիոյ այս զօրաշարժը առիթ պիտի տայ մինչեւ 300,000 պահեստայիններ ճակատ ուղարկելու:
«Մենք հսկայական զօրաշարժի միջոցներ ունինք, այսինքն՝ անոնք, որոնք ծառայած են, որոնք մարտական փորձառութիւն ունին, որոնք զինուորական մասնագիտութիւն ունին, անոնց թիւը կը հասնի 25 միլիոնի», ըսաւ Շոյկու։