Պաքուի մէջ, Երեքշաբթի օր ձերբակալուեցան խումբ մը գործիչներ, որոնք բողոքի ցոյց կը կատարէին Իրանի դեսպանատան մօտ:
Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն՝ ցոյցը նախաձեռնած էր «Մուսաւաթ» ընդդիմադիր կուսակցութիւնը` իբրեւ բողոք «Իրանի խաղաղ ցոյցերը ճնշելու քայլերուն», այդ երկրին մէջ «ազգութեամբ ատրպէյճանցիներու ազգային եւ մշակութային իրաւունքներու ոտնահարման», ինչպէս նաեւ Թեհրանի կողմէ Ատրպէյճանի «գերիշխանութեան եւ ազգային ապահովութեան դէմ վերջերս աճող սպառնալիքներուն» դէմ:
Ըստ «Թուրան» լրատուական գործակալութեան՝ տասնեակ ձերբակալուածներու շարքին են «Մուսաւաթ» կուսակցութեան առաջնորդ Արիֆ Հաճիլի եւ կուսակցութեան մամլոյ քարտուղար Մուսթաֆա Հաճիպէյլի: