ՌԱՆԿՈՒՆ, «Ռոյթըրզ».- Յաջորդական երկրորդ օրն ըլլալով, Պուրմայի (Միանմար) զինուորական իշխանութեանց բանակն ու ոստիկանութիւնը ուժի դիմելով կրցան մասամբ զսպել 11 օր առաջ պուտտայական վանականներու կողմէ սկսած բողոքի ցոյցերը, ձերբակալելէ ետք հազարաւոր վանականներ: Իշխանութիւնները նաեւ փակեցին համացանցային կեդրոնները, երկրին ու աշխարհին միջեւ լուրերու փոխանակումը նուազագոյնի իջեցնելու յոյսով: Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 28ին սպաննուածներու մասին տեղեկութիւններ չհաղորդուեցան, սակայն ականատեսներ ընդունեցին, թէ ցուցարարներուն թիւը զգալիօրէն նուազած էր եւ հազարաւորներու փոխարէն միայն քանի մը հարիւր հոգի մասնակցած է մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած ցոյցին, որու ընթացքին ոստիկաններ դարձեալ բռնի ուժի դիմած են ցոյցը ցրուելու համար:
Նկարին մէջ, ցուցարարներ եւ վանականներ Ռանկունի փողոցներուն մէջ: