Բրիտանիոյ Համայնքներու պալատին մէջ 24 Յունուարին կազմակերպուեցաւ յատուկ քննարկում մը, նուիրուած՝ Բերձորի միջանցքի փակման եւ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին։ Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ քննարկումներուն ընթացքին Բրիտանիա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի ղեկավար Թիմ Լօութըն ըսաւ, որ անցեալ տարի այցելեց Հայաստան եւ ականատես եղաւ իրավիճակին։ «Ներկայ վիճակը 9 Նոյեմբեր 2020ի յայտարարութեան կէտերու կոպիտ խախտում է։ Անցեալ տարուան Սեպտեմբերին, Ատրպէյճան յարձակեցաւ Հայաստանի գերիշխան տարածքին վրայ։ Լեռնային Ղարաբաղը միշտ եղած է Հայաստանի անքակտելի մաս։ Ատրպէյճան Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան ցեղային զտման քաղաքականութիւն վարած է, ներառեալ՝ ահաբեկիչներու միջոցով։ Հայաստանի գերիշխան տարածքին վրայ յարձակումներ կատարուած են, Ատրպէյճան ոչնչացուցած է հայկական մշակութային ժառանգութիւնը։ Ատրպէյճան գրաւած է Հադրութը, Շուշին, որոնք հայկական տարածքներ են։ Պատերազմական գերիները տակաւին չեն վերադարձուած, արտադատական սպանութիւններ կատարուած են հայ գերիներու նկատմամբ, բարձրախօսներով Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն կոչ կ՛ուղղէին՝ հեռանալու Լեռնային Ղարաբաղէն։ Լաչինի միջանցքի փակման կը մասնացին «Գորշ գայլեր»ու ներկայացուցիչները։ Ատրպէյճանի գաղտնի սպասարկութեան ուժերը եւս ներկայ եղան Լաչինի միջանցքի փակման։ Կազամատակարարումը, ելեկտրականութիւնը եւ համացանցի կապը անջատուած են Ատրպէյճանի կողմէ։ Ասիկա դիտաւորեալ եւ հաշուարկուած ցեղային զտման քաղաքականութիւն է։ Ես այստեղ կոչ կ՛ուղղեմ՝ նաեւ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը», ըսաւ Լօութըն։
Աշխատաւորական կուսակցութեան ներկայացուցիչ, Բրիտանիա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի անդամ Ճեսիքա Մորթըն իր կարգին ըսաւ, որ 44 օրերերէ ի վեր Արցախի մէջ մարդասիրական ծանր վիճակը կը շարունակուի, արցախցին չի կրնար փոխադրուիլ, ծանր ձմրան պայմաններուն մէջ զրկուած է ուժանիւթէ, ուտելիքէ եւ դեղէ։ 120,000 անձեր շրջափակման ենթարկուած են։ «Ասիկա մտադրուած գործողութիւն է։ Կազը անջատած են ձմրան ցուրտ եղանակին, երբ ջերմաստիճանը -5 է, դպրոցները փակ են, հիւանդանոցները չեն կրնար բժշկական օգնութիւն տրամադրել, մանուկները բաժնուած են իրենց ծնողներէն։ Ի՞նչ կ՛ընէ Բրիտանիոյ կառավարութիւնը, այլ երկիրներու կառավարութիւններու հետ միասին՝ այս վիճակին վերջ տալու համար։ Անհրաժեշտ է օդային հաղորդակցութիւն բանալ դէպի Լեռնային Ղարաբաղ, միանալ Եւրոպական խորհրդարանի վերջին բանաձեւի կէտերուն։ Ես Կալեսէն եմ, այնտեղ Հայոց Ցեղասպանութեան՝ Բրիտանիոյ մէջ եզակի յուշահամալիր տեղադրուած է։ Միջազգային ընտանիքը պէտք է ամէն ինչ ընէ այս կացութեան վերջ տալու համար», Մորթըն։
Դեմոկրատական-միութենական կուսակցութիւնը ներկայացնող Ճէյմզ Շենըն ընդգծեց, որ Բերձորի միջանցքի փակումը աղէտ է, 120 հազար հայ քրիստոնեաներ շրջափակման մէջ են, կազ, ելեկտրականութիւն, ուտելիք եւ դեղորայք չկայ։
««Ճենոսայտ Ուաչ»ը կացութիւնը ցեղային զտում կը համարէ։ Ատրպէյճան կ՛ոչնչացնէ հայկական ժառանգութիւնը։ Բրիտանիոյ կառավարութիւնը ի՞նչ քայլերու կը ձեռնարկէ քրիստոնեայ հայերը պաշտպանելու համար։ Ռուսիոյ խաղաղապահները չեն կրնար ապահովել Լաչինի միջանցքի բացումը։ Ատրպէյճան ապօրինի կերպով ռուսական կազ կ՛արտածէ Եւրոպա», նկատել տուաւ Շենըն։
Ըստ Սկովտիոյ ազգային կուսակցութեան ներկայացուցիչ Քարըլ Մոնակընի՝ Բերձորի միջանցքի փակումը Ատրպէյճանի կողմէ թշնամանքի վերջին դրսեւորումն է։ Ընտանիքները բաժնուած են, դեղորայք, կազ, ելեկտրականութիւն եւ ուտելիք չկայ։ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ծանր վիճակ ստեղծուած է: Ամ շեշտեց, որ բրիտանացիները պէտք է քննեն պատժամիջոցներու եւ Արցախի համար օդային հաղորդակցութիւն բանալու հարցերը։
Նոյն կուսակցութենէն Քրիս Լօուն Բերձորի միջանցքի փակումը Ատրպէյճանի կողմէ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն նկատելով՝ ըսաւ, թէ Ատրպէյճան տարիներ թշնամական հռետորաբանութիւն կը կիրարկէ Հայաստանի նկատմամբ։ Ուժով կ՛ուզէ դատարկել Արցախը։
«Մէկ տասնեակէ աւելի միջազգային ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններ նշած են, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գոյութիւն ունին ցեղային զտման եւ ցեղասպանութեան նախանշաններ։ Բրիտանիոյ կառավարութիւնը պէտք է վերջ դնէ Լաչինի միջանցքի շրջափակման», յայտնեց ան։
Մարթին Տէյ մատնանշեց, որ Հայաստան՝ իբրեւ տարածաշրջանին մէջ ժողովրդավարական պետութիւն, պէտք է աւելի մեծ աջակցութեան արժանանայ։ «Մարդասիրական աղէտ է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, կամ Արցախի մէջ, ինչպէս հայերը կ՛ըսեն։ Լաչինի միջանցքը միակ կապող միջոցն է, որ արգելափակուած է Ատրպէյճանի կողմէ։ 120 հազար անձեր դաժան տառապանքներու ենթարկուած են։ «Ճենոսայտ Ուաչ»ը կը զգուշացնէ ցեղասպանութեան նախանշաններէ։ Ալիեւ կը յայտարարէ, որ Երեւանը Ատրպէյճանի պատմական տարածք է։ Ատրպէյճան կեղծ խօսոյթներ դրած է շրջանառութեան մէջ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հայերը ցեղային զտման եմթարկելու համար։ Ատրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցները եւս պէտք է քննարկուին», յայտնեց Տէյ։
Բրիտանիա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի անդամ, անկախ երեսփոխան Ռուփա Հաք իր կարգին խօսեցաւ, հակամարտութեան մէջ Թուրքիոյ ներգրաւուածութեան մասին։ «Լաչինի միջանցքը փակ է։ Ատրպէյճան, ոգեւորուած Ռուսիոյ անտարբերութեամբ՝ ցեղային զտումներ կը կատարէ։ Թուրքիա եւս ընդգրկուած եղած է հակամարտութեան մէջ։ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական կացութիւնը ծանր է։ Ատրպէյճան կը խափանէ կազի մատակարարումը, մանուկները բաժնուած են իրենց ծնողներէն։ Համացանց, ելեկտրականութիւն, դեղորայք, ուտելիք եւ անհրաժեշտ ապրանքներ զգալիօրէն կը բացակային», շեշտեց ան։
Աշխատաւորական կուսակցութեան ներկայացուցիչ, Եւրոպայի հարցերու նախարար Սթիւըն Տաութ խորապէս մտահոգուած է Բերձորի միջանցքի փակումով, եւ կոչ ուղղեց՝ շրջափակման վերջ տալու։
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան Ամերիկայի եւ Կարիպեան երկիրներու հարցով նախարար Տէյվիտ Ռութլին ըսաւ, որ Բրիտանիան կ՛աջակցի (Միացեալ Նահանգներու) արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի կողմէ ձեռնարկուած քայլերուն։ Ան նկատել տուաւ, որ հակամարտութիւնը զինուորական լուծում չունի. հարցը պէտք է լուծուի դիւանագիտութեան ճամբով. Լաչինի միջանցքը փակուած է ատրպէյճանցի ցուցարարներու կողմէ՝ Արցախի բնակչութիւնը զրկելով ապրուստի պայմաններէն։
«Նոյեմբեր 9ի յայտարարութեան մէջ նշուած է Լաչինի միջանցքով անարգել անցնելու կէտը։ 13 Դեկտեմբեր 2022ին, Լէօ Տոհըրթին Լաչինի միջանցքի վերաբերեալ յայտարարութիւն կատարեց եւ 18 Յունուար 2023ին հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարին հետ։ Բրիտանիոյ կառավարութիւնը ուղղակիօրէն կ՛ըսէ, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը պէտք է բանայ Լաչինի միջանցքը։ Մեր ուղերձը յստակ է՝ Լաչինի միջանցքը պէտք է բացուի եւ բանակցութիւններու միջոցով խաղաղութիւն հաստատուի։ Մենք կ՛աջակցինք միջազգային ջանքերուն, ներառեալ Եւրոպական Միութեան եւ ԵԱՀԿի։ Բրիտանիոյ կառավարութիւնը եռանդուն հաղորդակցութեան մէջ է մարդասիրական կազմակերպութիւններու հետ, ներառեալ Կարմիր Խաչի։ Հայաստան եւ Ազրպէյճան պէտք է շարունակեն խաղաղութեան ուղղուած բանակցութիւնները։ Մենք կ՛ողջունենք Եւրոպական Միութեան քաղաքային առաքելութեան տեղակայումը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ», եզրափակեց ան։