Ընդառաջելով ՀՕՄի կոչին եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Վռամեան» կոմիտէին եւ ՀՕՄի «Արեւ» մասնաճիւղին՝ Գանատայի Հեմիլթըն քաղաքին մէջ, 5 Նոյեմբերին տեղի ունեցաւ Արցախէն տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն համար զօրակցական-հանգանակային ձեռնարկը:
Օրուան հանդիսավարն էր Անուշ Պէքմէզեան, որ իր բացման խօսքով ներկաներուն բացատրեց այս ձեռնարկին եւ նման ձեռնարկներու կարեւորութիւնը` մեր պատասխանատու մասնակցութիւնը բերելու տեղահանուած արցախցիներուն զօրավիգ կանգնելու, բարոյապէս եւ մանաւանդ՝ նիւթապէս:
Ցուցադրուեցաւ յատուկ տեսերիզ մը` համադրուած Ճուլիա Աբգարեանի կողմէ, որ կ՛ընդգրկէր ՀՕՄի այս առիթով պատրաստուած տեսերիզէն հատուածներ եւ պատկերներ` Արցախի ժողովուրդին ներկայ իրավիճակէն:
Մէջընդմէջ կը յայտարարուէր հաւաքուած նուիրատուութիւններու գումարը:
ՀՕՄի «Արեւ» մասնաճիւղի խօսքը արտասանեց Ռուզան Աբգարեան: Ան խրախուսական եւ քաջալերական խօսք արտասանեց` շեշտելով կարեւորութիւնը չյուսահատելուն եւ ապագային հաւատքով նայելուն:
«Վռամեան» կոմիտէին խօսքը արտասանեց Յակոբ Աբգարեան, որ շեշտեց կարեւորութիւնը այս դժուար կացութենէն դուրս գալու աշխատանքներուն եւ պատրաստ ըլլալու գալիքին: Ան յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի նաեւ Արցախէն տեղահանուած ժողովուրդին իր բնօրրանը վերադարձին:
Ձեռնարկի աւարտին յայտարարուած գումարը հասած էր 12,640 տոլարի, որ ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի բռնագաղթի ենթարկուած արցախահայութեան: