ԷՉՄԻԱԾԻՆ, Մայր Աթոռի Մամլոյ Դիւան.- Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Սուրբ Էջմիածինի մէջ Սեպտեմբեր 26ին ընդունեց եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի գործադիր կոմիտէի անդամները՝ Մայր Աթոռի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատու Եզնիկ արք. Պետրոսեանի եւ ԵՀԽ գործադիր կոմիտէի անդամ Վիգէն արք. Այքազեանի ուղեկցութեամբ:
Հանդիպման ընթացքին գործադիր կոմիտէի անունով վեհափառ հայրապետին շնորհակալութիւն յայտնեց Վիգէն սրբազանը կոմիտէի ժողովը Էջմիածինի մէջ գումարելու հնարաւորութիւնը ընձեռելու համար: Իրենց երախտագիտական զգացումները եւ տպաւորութիւնները արտայայտեցին նաեւ ԵՀԽ ատենապետ Վոլթեր Ալթմանը եւ ԵՀԽ գլխաւոր քարտուղար Սամուէլ Քոպիան:
«Մեզ համար իրապէս ուրախութիւն է, որ ԵՀԽ գործադիր կոմիտէն իր ժողովն անցկացնում է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնում: Այսպիսի շփումները մենք ընկալում ենք որպէս օրհնութիւն: Ձեր ներկայութիւնը ոչ միայն լաւ առիթ է, որ դուք ճանաչէք հայ ժողովուրդը եւ Հայոց եկեղեցին, այլեւ, որ մեր ժողովուրդը հաղորդ դառնայ եկեղեցիների հանաշխարհային խորհրդի առաքելութեանն ու գործունէութեանը», ըսաւ Գարեգին Բ. հայրապետը:
Նորին սրբութիւնը անդրադարձաւ նաեւ Մայր Աթոռի ներկայիս գործունէութեան, ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ ուրուագծեց եկեղեցւոյ հոգեւոր սպասաւորութեան հիմնական ոլորտները: Ան նաեւ գոհունակութիւն յայտնեց քոյր եկեղեցիներուն եւ միջեկեղեցական կազմակերպութիւններուն հետ կապերու առաւել զօրացման համար՝ նշելով, որ Հայ եկեղեցին աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերէ միջեկեղեցական յարաբերութիւններուն եւ լաւագոյնս ներկայացուած է ԵՀԽ կառոյցներուն մէջ ու այլ համանման կազմակերպութիւններուն մէջ: