Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանը կը տեղեկացնէ, թէ գաղութս այցելող Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 1ի առաւօտեան հոգեւորականներու թափօրով, «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ եւ աշակերտներու ծափահարութիւններու ներքոյ այցելեց «Գալայճեան» սրահ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ շրջանի հայկական վարժարաններու աւարտական դասարաններու ուսանողութեան հետ: Սոյն հանդիպման մասնակցեցան հետեւեալ դպրոցները՝ «Մանուկեան-Տէմիրճեան», «Հ.Բ.Ը.Մ.» Փասատինա, «ԹԹՄ Արշակ Տիգրանեան», «Ալֆրէտ եւ Մարկրիթ Յովսէփեան», «Ալէք Փիլիպոս», «Ֆերահեան», «Մեսրոպեան», «Շամլեան», «Մերտինեան»եւ «Սահակ-Մեսրոպ»:
Հանդիպումին ներկայ եղած են նաեւ թեմի հոգեւորականները, դպրոցներու տնօրէններն ու ուսուցչական կազմերը:
Աշակերտները նախապատրաստական աշխատանք տարած եւ դպրոցներէն ներս մրցոյթներ կատարած էին, որպէսզի լաւագոյն հարցումները պատրաստէին եւ ուղղէին կաթողիկոսին:
Օրուան հանդիսավարը եւ գլխաւոր կազմակեպողն էր առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ՝ Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեանը, որ բացման խօսքը կատարեց, ողջունեց կաթողիկոսի այց եւ ապա իր պատգամով պարզեց օրուան հաւաքին գլխաւոր նպատակը:
«Ալէք Փիլիպոս» վարժարանի ուսանողներէն Մելինէ Համբարձումեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Լուսիա Գալստեանի, երգեց Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգները, ապա իւրաքանչիւր դպրոցի ներկայացուցիչ հարցում մը ուղղեց վեհափառին, որոնք ընդհանրապէս եկեղեցւոյ, ազգի, կրթական առաքելութեան շուրջ էին: Նորին Սրբութիւնը ժպիտով տուաւ իր պատասխանները՝ գնահատելով, որ ուսանողները կը գիտակցէին մեր հոգեւոր եւ ազգային արժէքներուն եւ իրենց ներկայութիւնն իսկ ապացոյցն էր մեր եկեղեցւոյ եւ ազգի առաւել զօրացման եւ պայծառութեան:
Վեհափառ հայրապետը իր խօսքերուն մէջ յայտնեց, թէ Հայց. եկեղեցւոյ ապագան փայլուն կը տեսնէր թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ: Յիշեց, թէ արտասահմանի մէջ ամէն տեղ նոր դպրոցներ կը բացուին, սրահներ եւ մշակութային կեդրոններ կը կառուցին, որոնք կ’ամրապնդեն մեր երիտասարդութեան ոգին: Շեշտեց, թէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ամէն տարի շուրջ 35 հոգեւորականներ կը ձեռնադրուին եւ «Շողակաթ» պատկերասփիւռի ընկերութիւնը հիանալի ծառայութիւն կը մատուցանէ մեր ժողովուրդին՝ անոնց ծանօթացնելով Հայց. եկեղեցին եւ անոր կատարած ծառայութիւնները:
Ապա թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան իր ջերմեռանդ զգացումները յայտնեց կաթողիկոսին, որ իր ներկայութեամբ օրհնութեան կ’արժանացնէր Արեւմտեան թեմը, անոր հաստատման 80ամեակի առթիւ:
Վեհափառը ոգեւորիչ պատգամով կատարեց փակման խօսքը, ըսելով. «Տէր ըլլանք Հայ Դատին, հետամուտ ըլլանք, որպէսզի արդարութիւնը կատարուի մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս»: Նոյնպէս կոչ ուղղեց, որ տէր դառնանք մեր Արցախ աշխարհին, ուր մեր հայրենակիցները կարենան ապրիլ ազատութեան մէջ եւ միասնաբար զօրացնենք մեր ազատ ու անկախ Հայաստանը: Ան նաեւ գնահատեց այս հաւաքի բոլոր պատասխանատուներուն, տնօրէններուն, ուսուցիչներուն եւ ազգային-հասարակական կեանքի նուիրեալ հայորդիներուն ծառայութիւնները: