Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հրաւէրին ընդառաջելով, Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը իր երրորդ այցելութիւնը կը շնորհէ թեմին, անոր հաստատման 80ամեակի առթիւ: Վեհափառը իր շքախումբով Լոս Անճելըս ժամանեց Կիրակի, Սեպտեմբեր 30ի կէսօրէ ետք եւ սիրալիր կերպով դիմաւորուեցաւ առաջնորդ սրբազան հօր եւ իր պատուիրակութեան կողմէ, որուն մաս կը կազմէին Արեւելեան թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեան, Թեմական խորհուրդի ատենապետ դոկտ. Պառլօ սրկ. Տէր Մկրտիչեան, Թեմական խորհուրդի փոխատենապետ՝ իրաւաբան Ճոզէֆ Կանիմեան եւ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Լիլոյեան:
Կաթողիկոսին շքախումբին մաս կը կազմեն Եզրաս եպս. Ներսիսեան՝ առաջնորդ Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսիոյ Հայոց թեմի, Արշակ եպս. Խաչատրեան՝ դիւանապետ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի, Յովնան աբեղայ Յակոբեան՝ գաւազանակիր, Կտրիճ քհնյ. Տէվէճեան՝ պատասխանատու Մայր Աթոռի անգլերէնով մամուլի հաղորդագրութիւններու եւ Սուրէն Տէր Գրիգորեան՝ նկարահանը «Շողակաթ» պատկերասփիւռի յայտագրին:
Կաթողիկոսի այս այցելութեան ընթացքին տեղի պիտի ունենան գլխաւոր հետեւեալ չորս ձեռնարկները.-
Ա.- Ուսանողներու հետ հանդիպում առաջնորդարանի «Գալայճեան» սրահին մէջ:
Բ.- «Հրաշափառ» եւ խորանի օծում Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. եկեղեցւոյ:
Գ.- Հիմնարկէքի արարողութիւն առաջնորդանիստ Մայր տաճարի:
Դ.- Բացում «Տաղլեան» մշակութային կեդրոնի եւ ճաշկերոյթ: