ԳԱՒԱՌ, «Արմէնփրէս».- Կը շարունակուի Ֆրանսայի Իզեր եւ Գեղարքունիքի մարզերու տնտեսական եւ կրթամշակութային գործակցութիւնը: Աստիճանաբար տեսանելի քայլեր կը ձեռնարկուին թէ՛ կրթութեան եւ առողջապահութեան եւ թէ զբօսաշրջութեան զարգացման բնագաւառներուն մէջ:
Ֆրանսական «Աֆրատ» զբօսաշրջութեան ընկերութեան եւ Գեղարքունիքի մարզպետարանի միջեւ կայացած նախնական համաձայնութեամբ, 2007ին Ֆրանսայէն Սեւան պիտի ժամանեն զբօսաշրջիկներու առաջին խումբերը, որոնց համար սահմանուած երթուղին պիտի ընդգրկէ Սեւան քաղաքը, Լճաշէնի հնավայրը, Հայրավանք եւ Նորադուզ գիւղերը, ինչպէս նաեւ Սեւանի թերակղզին: