8 Դեկտեմբերին, Ազգային ժողովին մէջ, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Սարգիս Խանդանեան, անդրադառնալով նախօրէին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հրապարակած միացեալ յայտարարութեան՝ ըսաւ, որ կը խուսափի անուններ տալէ, որովհետեւ թեման շատ զգայուն է, եւ պէտք է զգուշ ըլլալ՝ մինչեւ որ գերիները հատեն Հայաստանի պետական սահմանը։
«Մինչեւ չհատեն գերիները Հայաստանի սահմանը, կարծում եմ` Հայաստանը չի կարող յստակ բան ասել: Գերիների վերադարձը պէտք է տեղի ունենայ շատ մօտակայ ժամանակահատուածում` ժամերի կամ օրերի հարց է», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ գերիներու յանձնումը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին վրայ։
Խանդանեան հաստատեց, որ գերիներու փոխանակման ծիրին մէջ, ատրպէյճանական կողմին փոխանցուած է Զանգեզուրի պղինձի գործարանի պահակը սպաննած եւ Հայաստանի մէջ ցմահ դատապարտուած ատրպէյճանցի զինուորը:
Խօսելով բոլոր գերիները վերադարձնելու հարցին մասին՝ Խանդանեան ըսաւ. «Սա գործընթացի մի մասն էր, եւ որոշակի արդիւնք կայ այս գործընթացի հետ կապուած, եւ ՀՀ կառավարութիւնը շարունակելու է աշխատանքներ տանել թէ՛ դիւանագիտական ճանապարհով, թէ՛ իրաւական դիւանագիտութեան ճանապարհով, որ բոլոր գերիները եւ այլ պահուող անձինք, որոնք Ադրբեջանում են, նմանատիպ գործընթացի արդիւնքում եւս վերադառնան»:
Յայտարարութեան գծով ան ըսաւ, որ վարուած են երկկողմանի բանակցութիւններ Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմին եւ Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմին միջեւ, որուն իբրեւ արդիւնք այս յայտարարութիւնը հրապարակուած է։ «Յայտարարութիւնում երրորդ կողմի մասին որեւէ նշում չկայ, դրանք տեղի են ունեցել երկու աշխատակազմերի միջեւ»։
Արձագանգելով այն դիտարկման, որ ասիկա սկիզբ կը դնէ բացառապէս երկկողմ ձեւաչափով բանակցութիւններու, որ Ատրպէյճանի առաջարկն էր՝ Խանդանեան ըսաւ. «Հարցը հումանիտար (մարդասիրական) խնդրին է վերաբերում, շատ զգայուն հարցի` գերիներին, եւ հնարաւորութիւն է առաջացել այս ձեւաչափում այս հարցը բանակցել եւ լուծել: Դա շատ կարեւոր յայտարարութիւնը, որը պէտք չի թերագնահատել, բայց նաեւ պէտք չի գերագնահատել ընդհանուր բանակցային գործընթացի տրամաբանութեան մէջ: Այն, ինչ Հայաստանն ասել է, շարունակում է պնդել, որ խաղաղութեան համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւնները պէտք է տեղի ունենան այն սկզբունքների շուրջ, որոնց կողմերը համաձայնութիւն են տուել դեռեւս այս տարուայ Յուլիսին եռակողմ հանդիպման ընթացքում: Հայաստանը յորդորում է միջնորդ կողմերին` ապահովել բանակցութիւնների շարունակականութիւնը, որտեղ դրանք սկսուել են»: